2010-12-19 13:32:15

Երուաղէմի Լատիններու Պատրիարքը Կը Դատապարտէ Իսրայէլի Գաղթարար Քաղաքականութիւնը` ՜՜Քրիստոնեաները Կը Դառնան Փոքրամասնութիւն Մը Փոքրամասնութեան Մէջ։


Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքը գերերջանիկ ֆուատ Թուալ կը դատապարտէ Իսրայէլի կառավարութեան որդեգրած գաղթարար քաղաքականութիւնը։
Այդ քաղաքականութիւնը վնասաբեր է քրիստոնեաներուն համար, կ՝ըսէ ան, որով քրիստոնեաները կը դառնան փոքրամասնութիւն մը փոքրամասնութեան մէջ։ Պատրիարքը դիտել կու տայ թէ 1945ին Երուսաղէմի բնակչութեան 19 տոկոսը քրիստոնեայ էր։ Ներկայիս անոնք կը հաշուեն շուրջ 10.000 որ կը համապատասխանէ բնակչութեան 1,5 տոկոսին։ Շատերու գնահատումով՝ Երուսաղէմի քրիստոնեաներու թիւը յառաջիկայ 10 տարիներուն աւելի պիտի նուազի ու հասնի 5.000-ի։
Նկատի ունենալով արաբներու ընդհանուր վիճակը Իսրայէլի մէջ, պատրիարքը կը հաստատէ թէ՝ անոնք խտրականութեան զոհ են։ Պատրիարքը Թուալ կոչ կ'ընէ քրիստոնեաներուն որ դիմադրեն եւ Իսրայէլ մնան։
Անոնք մեծ դեր կրնան ունենալ խաղաղութեան հաստատումին ի խնդիր, դժբախտաբար միջազգային հասարակութիւնը չի ճանչնար անոնց կենսական եւ էական դերը։







All the contents on this site are copyrighted ©.