2010-12-18 11:31:15

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Շաբաթ 18 դեկտեմբերի առաւօտ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Վատիկանի առաքեալական վերանորոգուած մատենադարանը։ Բազմադարեան այս հաստատութիւնը սկսաւ չորրորդ դարուն որպէս գրադարան եւ դիւան։
784 թուականին՝ Ատրիանօ Ա. Քահանայապետին օրով, մատենադարանը սկսաւ կոչուիլ Հռոմի Եկեղեցւոյ մատենադարան։
Վատիկանի մատենադարանը ուսումանսէրներուն տրամադրութեան տակ կը դնէ 150 հազար ձեռագիր, մէկ միլիոն տպագիր մատեաններ, 300 հազար դրամ եւ մետալներ եւ աւելի քան հազար քարտէսն։
Քահանայապետերու մատենադարանը ուղղուած է բոլոր այն ուսումնասէրներուն որոնք ծառաւը ունին, հետամուտ են ճշմարտութեան ու գիտութեան եւ ունին անցեալէն քաղելիք դասեր։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գնահատումով՝ Վատիկանի առաքելական մատենադարանը լոկ աստուածաբանական մատենադարան մը չէ այլ բաց է ու կը ներփակէ մարդու հանճարը։
Հաւատարիմ՝ իր մարդաբանական սկզբունքին, Վատիկանը կոչումով բաց է մարդկային հանճարին ու կը նպաստէ մշակոյթին։ Ամէն ինչ որ մարդկային է, մաս կը կազմէ Եկեղեցւոյ։
Վատիկանի մատենադարանը կը համախմբէ ու կը պահպանէ մարդու լաւագոյն ստեղծագործութիւնները։ Այս հաստատութիւնը հինգ դարէ ի վեր կը գործէ եւ բոլոր ՜՜ճշմարտութիւն՝՝ հետապնդողները մեծ ուշադրութեամբ հիւրընկալուած են առանց դաւանանքի եւ գաղափարախօսական խտրութեան, կարեւոր է որ իրենց փնտռտուքը ըլլայ լուրջ, անշահախնդիր եւ որակեալ։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կ'այցելէ Վատիկանի մատենադարանը, այնտեղ երեք տարի տեւող՝ աշխատանքէն ետք։








All the contents on this site are copyrighted ©.