2010-12-18 11:36:02

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՝ողջունէ Լոնտոնի Իլինկ Նահանգի Քաղաքապետական Խորհուրդի Որոշումը։


Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը շնորհաւորէ Լոնտոնի Իլինկ նահանգի քաղաքապետական խորհուրդի բացարձակ մեծամասնութեամբ քուէարկուած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման արդարացի եւ ճիշդ բանաձեւը, ինչպէս նաեւ կը շնորհաւորէ Մեծն Բրիտանիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի անխոնջ ջանքերը այս ուղղութեամբ։ Սկովտիոյ Էտինպուրկ քաղաքապետական խորհուրդի (2005) եւ Կալեսի խորհըրդարանի (2006) ճանաչումներէն ետք, Իլինկի քաղաքապետական խորհուրդը Անգլիական առաջին քաղաքն է որ, 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնը կը ճանչնայ, այսպիսով՝ բարոյական ճնշում բանեցնելով Բրիտանիոյ խորհրդարանին վրայ, նման բանաձեւ մը որդեգրելու ուղղութեամբ։
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը յիշեցնէ նաեւ, իրաւաբան Ճեֆրի Ռոպերթսոնի 2009-ի ուսումնասիրութեան արդիւնքները, որոնք փաստեցին Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան մասին անհամար փաստաթուղթերու առկայութիւնը, մինչ նախարարութիւնը կը ստէր խորհրդարանին թէ՝՝բաւարար փաստեր չկան Ցեղասսպանութեան ճանաչման համար՝՝։
՝՝Կ՝ակնկալենք որ, Բրիտանիոյ Կառավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ Թուրքիոյ ուրացման անընդունելի քաղաքականութեան ի նպաստ իր անարդար դիրքաւորումը եւ, վերջապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝՝ յայտարարեց Հիլտա Չոպոյեան, Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահուհին։ Մեծն Բրիտանիա պէտք է մաս կազմէ Եւրոմիութեան արդար երկիրներու այն հոյլին՝ որոնք քաջ գտնուած են պայքար մղելու մարդկութեան դէմ ոճիրներու եւ ցեղասպանութեանց ուրացման դէմ՝՝ աւելցուցած է դեռ Հիլտա Չոպոյեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.