2010-12-17 13:28:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Ուրբաթ 17 դեկտեմբեր 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ժամը 9-ին գլխաւորեց առաւօտեան ժամասացութիւնը Փրկչին Մայրը մատրան մէջ ապա հետեւեցաւ Քահանապետական տան քարոզիչ՝ ֆրանչիսքեան հայր Գանդալամեսա կրօնաւորին Յիսնակաց շրջանի երրորդ ուրբաթ օրուայ քարոզին ի պատրաստութիւն Յիսուսի Ս. Ծննդեան։ Խորհրդածութիւններու նիւթը ներշնչուած է Ս. Յովհաննէսի Աւետարանէն. ''Քաջալերուեցէք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին'', վերաւետարանել աշխարհականացած աշխարհը։
Ապա Նորին Սրբութիւնը յաջորդաբար ընդունեց տիար ֆրանչեսքօ Մարիօ Կրեգոյի՝ Իտալիոյ նոր դեսպանին հաւատարմագրերը։ Արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցած ճառերու փոխանակում.
Որմէ ետք սրբազան հայրը ընդունեց Փրոֆեսոր Գարլ Անտրսոն` Գոլոմպոյի գերագոյն ասպետը,
Կարտինալ Վալլինին՝ Հռոմի թեմի ընդհանուր տեղապահը, եւ Իտալիոյ հարաւային Թիրոլոյի մէկ պատուիրակութիւնը։
Նշենք թէ այս տարուայ Ս. Պետրոս հրապարակի տօնածառը նուէրն է Հարաւային Թիրոլոյի մարզին, որուն լուսաւորութեան արարողութիւնը
պաշտօնապէս կը կատարուի այսօր, յետմիջօրէին երեկոյեան ժամը 6ին նախագահութեամբ Վատիկանի պետութեան կառավարիչ` կարտինալ Լայոլոյի։
Պենետիկտոս ԺԶ Թիրոլոյի մէկ պատուիրակութիւնը ընդունելով անոնց ուղղեց ճառ մը, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կաղանդի ծառի նուէրին համար, որ Մսուրին հետ միասին կը գտնուի Ս. Պետրոսի հրապարակը։ Լոյսերով զարդարուած ծառը, կը պլպլայ լոյսով մը, որ՝ իրը չէ, սակայն անիկա վկայութիւն կու տայ ''ճշմարիտ լոյսին, որ այս աշխարհին չի պատկանիր''։ ձ
Այս ծառին վախճանը նման է հովիւներու վախճանին, գիշերուայ խաւարին մէջ կը հսկէ եւ յանկարծ կը լուսաւորուի հրեշտակներու պատգամով։
Ծառին վախճանը նման է նաեւ մեր վախճանին, մենք որ կանչուած ենք բարի պտուղ տալու, վկայելու աշխարհին թէ՝ Յիսուս աշխարհ եկաւ ու փրկեց զայն։
Մսուրի մօտ բարձրացած այս ծառը, կը յայտնէ աշխարհին թէ Յիսուս ծնաւ պարզ եւ աղքատ վայրի մը մէջ։ Ձեր երկրէն եկած այս ծառը կը դրսեւորէ ձեր երկրի բնակիչներուն քրիստոնէական հաւատքը եւ կ'ողջունէ ՜՜Մանուկ-Աստուածը՝՝ Ան որ եկաւ ամէն ինչ նոր դարձնելու եւ կանչելու բոլոր արարածները մտնելու փրկչագործութեան խորհուրդին մէջ։
Իմ աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած, ըսաւ Սրբազան Հայրը, որպէսզի ձեր մարզի հաւատացեալները հաստատ մնան իրենց հաւատքին մէջ ու շարունակեն ըլլալ երկրին աղը ու աշխարհի լոյսը։ Թող Տէրը ձեզ օրհնէ, օրհնէ ձեր մարզը եւ բոլոր Իտալիան։ Յայտնենք թէ 1983ին Աւստրիան եղաւ առաջին երկիրը որ Տօնածառը նուիրեց Վատիկանին, որմէ յետոյ, ամէն տարի, Իտալիոյ մէկ մարզը, կամ օտար երկիր մը Վատիկանին կը նուիրէ Կաղանդի Եղեւին։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 24 Դեկտեմբերին Ծննդեան ճրագալոյցի Սուրբ պատարագը պիտի մատուցէ գիշերուայ ժամը 10-ին Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ։ Այս տարուայ պատարագին պիտի սպասաւորեն Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքի ժառանգաւորները։ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այսօր յետմիջօրէին ընդունեց կարտինալ Ուելէ` կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովի։










All the contents on this site are copyrighted ©.