2010-12-17 13:28:11

Հռոմի Համալսարանականներու Համար Երեկոյեան Ժամասացութիւն Ի Պատրաստութիւն Յիսուսի Ս. Ծննդեան։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հինգշաբթի 16 դեկտեմբերին գլխաւորեց Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, երեկոյեան ժամը 6-ին ՜՜Երեկոյեան ժամասացութիւն՝՝ը Հռոմի համալսարաններու ուսանողներուն համար, ի պատրաստութիւն Յիսուսի Ս. Ծննդեան։ Անոնց ուղղած հայրական խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանեց Յակոբ առաքեալի ընդհանրական թուղթի հետեւեալ յորդորը ''Եղբայրներ, համբերեցէք մինչեւ Տիրոջ գալուստը։ Տեսէք, մշակը ի՞նչպէս համբերութեամբ կը սպասէ երկրի ազնիւ պտուղին՝՝։
Հարկաւոր է , ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, այսօր եւս համբերութիւն եւ յարատեւութիւն ունենալ։ Յիսնակացը մեզ կը կանչէ վստահութեամբ սպասելու Տիրոջ գալստեան։
Հռոմի համալսարաններու սիրեցեալ եղբայրներ, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ., դուք որ յանձնառումով ու համբերութեամբ կ'աշխատիք տէր դառնալու մշակոյթին, Աստուծոյ Բանը ձեզմէ կը խնդրէ որ իր հետ բաժնէք ''կերտելու'' համբերութիւնը։
Կերտել սեփական կեանքը, կերտել ընկերութիւնը։
Այդ իրականացնելու համար հարկաւոր է ամփոփում ու լրջութիւն։
Ներկայ աշխարհը կարիքը ունի մտաւորականներու նոր սերունդի մը, կարող՝ մեկնաբանելու ներկայ ընկերութեան ու մշակոյթի պահանջները։
Այդ ուղղութեամբ Հռոմի Եկեղեցին իր սատարը կ'ուզէ բերել իր քահանաներու միջոցաւ։ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով ուսանողները մասնակցելու Մատրիտի համաշխարհային օրուան հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օգոստոսին։
Տիրամօր` Աթոռ Իմաստութեան կը յանձնեմ ձեց, Հռոմի համալսարականներ, որպէսզի Ան ձեզ առաջնորդէ դէպի Բեթղեհէմի քարայրը, ուր Տէրը մեզի համար կու գայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.