2010-12-17 14:01:12

Ամերիկահայեր Թուրքիոյ դէմ 64 Միլիոն Տոլարի Դատ կը Բանան Ինճիրլիք-ի Հողամասին Համար ։


Թրքական լրատուական միջոցներ այս օրերուն սկսան հրատարակել լուր մը, ըստ որուն, կարգ մը ամերիկահայեր կը պատրաստուին դատ բանալ Թուրքիոյ դէմ, այն պնդումով, որ Ատանայի ՝՝Ինճիրլի՝՝ք զինուորական խարիսխին հողամասը՝ ատենօք հայերու կը պատկանէր եւ տեղահանութեան ընթացքին բռնագրաւուած էր։ Դեկտեմբեր 15-ին, The Associated Press լրատուական ործակալութիւնը եւ The Washington Post թերթը լայնօրէն անդրադարձան այս լուրին։ Հայկական կողմը կը պնդէ, որ Ատանայի Ինճիրլիք խարիսխը (որ ամերիկացիներու կողմէ կը գործածուի դէպի Իրաք եւ Աֆղանիստան շատ կարեւոր զինուորական գործողութիւններու համար) հայկական հողամաս էր 1915-էն առաջ եւ այդ հողամասերու տէրերու ժառանգորդները շատ կը զարմանան, որ իրենց նախնիներուն հողամասերը այսօր կ՝օգտաործուին ապօրէն կերպով։ Դատ բացող անձերէն մին է ամերիկահայ Անայիս Յարութիւնեան որ այս առնչութեամբ յայտնած է՝՝ Շատ զարմացայ երբ իմացայ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը վարձու տուած էր իմ ընտանիքիս հողամասերը։ Չեմ կրնար հաւատալ որ քաջարի ամերիկացի զինուորներ, որոնք կը ծառայեն Ինճիրլիքի մէջ եւ որոնցմէ ոմանք հայկական ծագում ունին, պիտի հանդուրժէին, որ հայերու կողմէ բռնագրաւուած այս հողերուն վրայ զինուորական ծառայութիւն կատարէին՝՝։
Ամերիկահայերը կը յիշեցնեն նաեւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 44 նահանգներուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ընդունուած իրողութիւն է։ Դատական նախաձեռնութեան ետին կը գտնուին փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան եւ զանազան ամերիկացի փաստաբաններ։ Իսկ իրաւատէր կը նկատուին ժառանգորդներ՝ Յարութիւնեան, Մանտեսեան եւ Ալեքս Պաքալեան, որոնք կը պնդեն թէ Ինճիրլիք-ի հողամասերը իրենց պապերուն հողամասերն էին եւ ապօրէն կերպով գրաւուեցան թուրքերուն կողմէ։ Հայկական կողմը մօտ 50 հեքթար (0.5 քառակուսի քիլոմեթր) հողամասին համար մօտաւորապէս 64 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցման դատի կը պատրաստուի Թուրքիոյ դէմ։
Նշենք որ անցեալ շաբաթ ցնցող իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ, երբ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային վերաքննիչ դատարանը իրաւական եւ քաղաքական մեծ յաղթանակ մը շնորհեց ամերիկահայերուն։ Ան վերատեսութեան ենթարկեց աւելի կանուխ տուած իր որոշումը եւ սահմանեց, որ կեանքի ապահովագրութեան ընկերութիւններու դէմ ներկայացուող խնդրանքներուն վերջնական ժամկէտը երկարաձգող Քալիֆորնիոյ օրէնքը այնուամենայնիւ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ էր։







All the contents on this site are copyrighted ©.