2010-12-16 13:57:30

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Այսօր հինգշաբթի 16 դեկտեմբեր 2010, առաւօտեան Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Նէփալի, Զամպիայի, Անտորրայի, Սէյշելի կղզիի եւ Մալիի դեսպանները որոնք ներկայացուցին հաւատարմագիրերը Սրբազան Քահանայապետին։
Ապա Սրբազան Հայրը ընդունեց Կարտինալ Իվան Տիազ Ժողովուրդներու աւետարանուցումի Ժողովի նախագահը, Հայր Խոսէ Րոտրիկէզ՝ ֆրանչիսքեան Կրտսեր եղբայրներու միաբանութեան մեծաւորը եւ Հայր Մունիպ Եունան՝ Լուտերական համաշխարհային դաշնակցութեան նախագահը եւ անոր ընկերացող շքախումբը
Յետ միջօրէին՝ ժամը 6-ին Սրբազան Քահանայապետը Ս. Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը Հռոմի համալսարաններու ուսանողներու համար, ի պատրաստութիւն՝ Յիսուսի Ս. Ծննդեան։Արարողութեան կը մասնակցի Ափրիկէի համալսարանականները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը։ Ժամասացութեան սկիզբը համալսարանը ներկայացնող Րէկտորը խօսք պիտի ուղղէ Սրբազան Հօր։
Յառաջիկայ 26 դեկտեմբերին Սրբազան Քահանայապետը, Կալկաթայի՝ Գթութեան միաբանութեան հիմնադրուհիի՝ Երանուհի Մայր Թերեզայի ծննդեան 100 ամեակին առթիւ` Վատիկանի մէջ պիտի հիւրասիրէ բոլոր այն կարօտեալները, որոնք կ՛ապրին ՜՜Մայր Թերեզայի՝ հիմնած՝ գթութեան առաքեալներ՝՝ միաբանութեան կեդրոններու մէջ։
Այս առաւօտ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացումը կատարուեցաւ խաղաղութեան համաշխարհային 44-րդ օրուան՝ 2011-ի պատգամին ներկայացումը.
որուն բնաբանն է ՜՜Կրօնական ազատութիւնը ճանապարհը դէպի խաղաղութիւն՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.