2010-12-16 14:22:05

Լոնտոնի Թաղամասերէն Մէկուն Վարչակազմը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ։


Լոնտոնի հայաշատ թաղամասերէն Իլինկի քաղաքապետարանը 14 դեկտեմբերին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Տեղւոյն Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ բանաձեւը քուէարկութեան ներկայացուցած էին քաղաքապետարանի կազմին մէջ մեծամասնութիւն կազմող Աշխատաւորական Կուսակցութեան անդամները, որոնց շարքին էր նաեւ հայազգի Արա Իսքենտերեան։
Քուէարկութեան իբրեւ դէտ ներկայ եղած են նաեւ լոնտոնահայ գաղութի համայնքային եւ եկեղեցական խորհուրդի նախագահ Արա Փալամուտեան եւ տեղւոյն Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սեւան Արթին, որոնց միացեալ ջանքերով կարելի եղած է երկար ժամանակ սպասուած այս որոշումը իրականացնել։
Այս որոշումով կարելի դարձած է ճշդել նաեւ Եղեռնին նուիրուած, Հայաստանէն բերուած ու արդէն իսկ Իլինկ թաղամասի հրապարակին վրայ դրուած ծիրանի Յուշածառին տակ զետեղուելիք գրութեան բնագիրը։ Ապրիլ 2009-ին արդարեւ այդ գրութեան զետեղումը մետասաներորդ վայրկեանին քաղաքապետարանի այդ ժամանակուան թրքամէտ պաշտօնատարներուն կողմէ արգիլուած էր։ Բնագիրին մէջ յստակ կերպով նշուած է Ցեղասպանութիւն բառը։







All the contents on this site are copyrighted ©.