2010-12-16 13:52:02

Երեւանի Մէջ Ցեղասպանութեան Մասին Միջազգային Գիտաժողովը Վերջ Գտաւ ։


Երէկ իր աշխատանքները աւարտեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած ՝՝Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը, կանխարգիլում, դատապարտում եւ հետեւանքներու վերացում՝՝ նիւթով միջազգային գիտաժողովը։ Գիտաժողովի փակման խօսքը արտասանեց արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան։ Նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան յատկապէս կանխարգիլման հարցին մէջ միջազգային հանրութիւնը տակաւին արդիւնաւէտ լուծումներու կարիքը կը զգայ եւ Ցեղասպանութիւններու դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման հետ կապուած խնդիրներ ալ կան։ Ըստ նսախարարին անհրաժեշտ է անուշադրութեան չմատնել եւ արմատախիլ ընել՝ Ցեղասպանութեան ծնունդ տուող թունաւոր մտածողութեան դրսեւորումներ, ինչպէս ՝ ազգային, ցեղային կամ կրօնական հողի վրայ սերմանուող ատելութիւնը եւ թշնամանքը։ Նախարարը այս իմաստով դատապարտելի նկատեց այլ ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութեան գոյութեան նկատմամբ անհանդուրժողականութիւնը, որ իր կարգին ծնունդ կու տայ մշակութային Ցեղասպանութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.