2010-12-15 12:07:27

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը. ՜՜ Կնոջ Դերը Եկեղեցւոյ Մէջ՝՝ Նիւթին Մասին։


Չորեքշաբթի 15 դեկտեմբեր 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան 5 հազար ուխտաւորներուն, խմբուած Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը ՜՜Կնոջ դերին եկեղեցւոյ մէջ՝՝ նիւթին մասին, ներկայացուց իտալացի սրբուհի Վերոնիգա Ճիուլիանին։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Սրբուհի Վերոնիգա Ճիուլիանին եղաւ Քրիստոսի սիրով լեցուն կին մը։ Ան 17 տարեկանին ընդառաջեց Տիրոջ կանչին եւ իր բոլոր կեանքը անցուց Իտալիոյ Գասդելլօ քաղաքի Գլարիսներու ֆրանչիսքեան մենաստանին մէջ։
Վանքին մեծաւորուհի ընտրուեցաւ եւ գործեց մինչեւ իր մահը որ տեղի ունեցաւ 1727ին։
Սրբուհի Վերոնիգա ինքզինք այնքան սիրուած կը զգար Քրիստոսէն որ իր ամբողջ կեանքը ապրեցաւ սիրոյ մէջ։ Այնքան տոգորուած էր Տիրոջմով որ իր ամբողջ էութեամբ կ'աղօթէր համայն աշխարհի փրկութեան համար։ Սրբուհի Վերոնիգա իր հայեցողական կեանքը ապրեցաւ որպէս միջնորդ Մարդու եւ Աստուծոյ, մեղաւորի եւ խաչեցեալ Քրիստոսի եւ իր կեանքի բոլոր դժուարութիւնները կ'ընծայէր Յիսուսի ։ Ան համոզուած էր որ Յիսուս իր կրած չարչարանքներով մարդոց մեղքերը քաւեց։ Իր հայեցողական կեանքը եղաւ մասնակցութիւն ծիսակատարութիւններու եւ Ս. Գիրքի ընթերցումի։ Արդարեւ Ս. Գիրքի ընթերցումը զինք կը լուսաբանէր, իր հոգին կը բիւրեղացնէր ու իր հաւատքը կ'ամրապնդէր։ Սրբուհի Վերոնիգա Ճիուլիանին ոչ միայն Ս. Գիրքի խօսքերով կը խօսէր ու կը գրէր, այլ եւ կ'ապրէր։
Սիրելիներ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը եզրափակելով, Սրբուհի Վերոնիգայի կեանքի վկայութիւնը հրաւէր մըն է աւելի սերտ կապ պահելու Քրիստոսի հետ. ամենայն վստահութեամբ ու յօժարակամ ընդառաջենք անոր կամքին ու հետեւինք Եկեղեցւոյ ցուցմունքներուն։
Աղօթքս է որ դուք եւս Քրիստոսով տոգորուիք համապատասխանելու անոր սիրոյն
Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները մաղթելով որ Սրբուհի Վերոնիգա Ճիուլիանին խթանէ ամէն քրիստոնեայ ճանչնալու եւ սիրելու Յիսուսը եւ անոր Մայրը Մարիամ, որպէսզի , ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, մեր կեանքը դնենք Աստուծոյ ու եղբայրներուն ծառայութեան ։ Բարի ուխտագնացութիւն կը մաղթեմ բոլորին եւ թող Տէրը օրհնէ ձեզ։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանադներուն եւ նորապսակեալներուն խնդրելով որ լաւ պատրաստուին Յիսուսը ընդունելու Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.