2010-12-14 13:38:10

Քեսապի ՀԿՄ Մասնաճիւղի Նոր Հրամանատարը՝ Ռեբեկա Պէօճէքեան։


Շաբաթ, 4 դեկտեմբեր 2010-ին, Քեսապի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԿՄ մասնաճիւղի հրամանատարի ընտրութիւն, ներկայութեամբ խորհուրդի ամբողջ կազմին, ընթացաւարտ հրամանատար՝ Մարիէթ Նազարեանին եւ հոգեւոր վարիչ՝ հայր Գարեգին Վրդ. Քէօշկէրեանին, եւ մեծամասնութեամբ ընտրուեցաւ Ռեբեկա Պէօճէքեանը։ Յաջորդ օրը, Կիրակի 5 դեկտեմբերին, յետ սուրբ Պատարագին, Քեսապի ՀԿՄ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ հրամանատարի փոխանցումը։
Ներկայ էին Քեսապի ՀԿՄ մասնաճիւղի բոլոր պատանիներն ու ջահակիրները։
Խօսք առնելով հոգեւոր վարիչը, մաղթեց որ բոլորը սիրեն իրենց միութիւնը եւ աշխատին անոր վերելքին համար։
Իսկ նախկին հրամանատարը՝ Մարիէթ Նազարեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին գործակցութեան համար անցնող երկու տարիներուն եւ շնորհաւորեց նոր հրամանատարը։
Իր կարգին, նորընտիր հրամանատարը՝ Ռեբեկա Պէօճէքեան շնորհակալութեան խօսք մը արտասանեց իրեն վստահուած այս մեծ պատասխանատուութեան համար եւ կոչ ուղղեց ձեռք ձեռքի տալու որպէսզի ՀԿՄ-ը միշտ պատրաստ ըլլայ ծառայելու ազգին ու Եկեղեցւոյ։ Ջահակիր-պատանիներու շնորհաւորութենէն ետք, բոլորը միաբերան աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած եւ պահպանիչով հոգեւոր վարիչը օրհնեց բոլորը։ Արարողութիւնը վերջ գտաւ հիւրասիրութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.