2010-12-14 13:39:14

Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանի Ուսանողներու Այցելութիւնը Անթիլիասի Մայրավանք։


Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական ճեմարանի՝ (Նիր Իսթ Սքուլ աֆ Թէոլոճիի) քսան ուսանողներ, զանազան երկիրներէ ժամանած՝ գլխաւորութեամբ իրենց պատասխանատուին՝ դոկտ. Ժորժ Սապրային, այցելեցին չորեքշաբթի 8 դեկտեմբերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքը եւ լսեցին Նարեկ արք. Ալեէմեզեանի «Հայ եկեղեցին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Միջին Արեւելքի քրիստոնէական վկայութեան շրջագիծին մէջ» դասախօսութիւնը: Նարեկ սրբազան ներկայացուց հայ եկեղեցւոյ ծննդոցը, պատմութեան գլխաւոր հանգրուանները եւ հայ դաւանանքին հիմնական երեսները։ Ապա, ան ծանրացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բազմերես առաքելութեան վրայ: Հարց-պատասխանի ընթացքին, ուսանողներ առաւելաբար հետաքրքրուեցան հայ եկեղեցւոյ ժողովրդավար կառոյցով, Հայ դատի գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ունեցած դերակատարութեամբ, հայութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւններու հեռանկարով եւ հայ եկեղեցւոյ ազգապահպանման առաքելութեամբ։ Ուսանողները այցելեցին Մայր տաճար, Ապրիլեան նահատակաց մատուռ եւ «Կիլիկիա» թանգարան:











All the contents on this site are copyrighted ©.