2010-12-14 12:41:34

2010-ը ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ .


Այս տարի,ինչպէս ծանօթ է ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻ հռչակուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ ։ Վեհափառի այս գաղափարը կարելի է սեպել ազնիւ մտայղացում մը, միաժամանակ բարձր գիտակցութեան արտայայտութիւն՝ արժանաւոր կերպով պատուելու, յարգելու, մեծարելու եւ նոր պատասխանատուութեան քաղցր բեռ մը աւելցնելու ՀԱՅ ԿՆՈՋ ազնիւ ու համեստ ուսերուն վրայ։
Արամ Ա. կաթողիկոսի կոնդակը կ՛ըսէ. «Ինչպէս գիտէք, իւրաքանչիւր տարի մեր ժողովուրդի զաւակները կը հրաւիրենք խորհրդածելու մեր հաւաքական կեանքին առնչուած  եզակի արժէքի մը, կարեւոր երեւոյթի մը առանցքային մտահոգութեան մը, կամ լուրջ մարտահրաւէրի մը մասին, եւ զանազան ազդու միջոցներով շեշտելու անոր կենսական կարեւորութիւնը՝ ի խնդիր մեր ազգային-եկեղեցական կեանքի առաւե՛լ կազմակերպման ու ծաղկման։
«Նոյն ակնկալութենէն մեկնելով, եւ նկատի ունենալով ՀԱՅ ԿՆՈՋ վերապահուած կարեւոր դերը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, 2010 տարին կը հռչակենք՝ «ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻ»։ Վեհափառ հայրապետը եզակի արժէք համարելով կը մեծարէ ու կը պատուէ հայ կինը… Կնոջ գոյութիւնը իբրեւ սերունդներու դարբին՝ կարեւոր երեւոյթ կը համարէ մեր ազգային կեանքէն ներս։ Առանցքային կարեւորութեամբ կը շեշտէ հայ կնոջ արժանաւոր դերն ու դիրքը ազգային հասարակական, ընկերային կեանքէն ներս եւ լուրջ մարտահրաւէրներ կը կարդայ Արդի Հայ Կնոջ, յաջողութեամբ պսակելու իրեն վստահուած բազմազան կարեւոր պարտականութիւնները, ընտանեկան, ազգային եւ ընկերային կեանքէն ներս։
5-րդ դարուն, Հայոց պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջանին, Վարդանանց Պատերազմի տագնապալի օրերուն, հայ կնոջ հաւաքական դիրքորոշման եւ կեցուածքին կը գտնենք այնպիսի վկայութիւններ, որոնք արդար հպարտութեամբ կը տոգորեն հայ կնոջ հոգին:
Եղիշէ Պատմիչ եւ Ղազար Փարպեցի իրենց յիշատակութիւններով կը վկայեն Վարդանանց Պատերազմի ընթացքին նահատակուող եւ պարսից մօտ գերի ինկած  նախարարներու, տանուտէրներու, իշխաններու եւ զօրավարներու կիներու եւ դուստրերու, անոնց քաջարի ու արժանապատիւ կեցուածքներու մասին:
Մեր ժամանակներուն, երբ լուսաւորութեան եւ ազատագրութեան մթնոլորտն է տիրապետողը, իրաւունքի եւ պահանջներու իրագործման նուիրուած կեցուածքներ եւ արտայայտութիւններ շատ բնական երեւոյթներ կը համարուին։ Սակայն յետադարձ ակնարկ մը նետելով մեր պատմութեան էջերուն վրայ, կը տեսնենք թէ այս երեւոյթը ինքնին շատ բնական իրավիճակ էր հայ իրականութեան մէջ՝ նոյնիսկ դարեր առաջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.