2010-12-13 12:47:23

Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատուիրակութեան Այցը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։


Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաւէրով 11 դեկտեմբերին սկիզբ առաւ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան չորսօրեայ այցը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Գլխաւորութեամբ՝ Մոսկուայի Պատրիարքարանի Արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի նախագահ՝ միտրոպոլիտ Իլարիոն Ալֆիեւի։
Հանդիպումին՝ Գարեգին Բ. իր գոհունակութիւնը յայտնեց, կարեւոր նկատելով նման ՜՜փոխայցելութիւնները՝՝ որոնցմով եղբայրական յարաբերութիւնները առաւել կը սերտանան երկու եկեղեցիներու միջեւ եւ համագործակցութիւնը կը զօրանայ։
Վեհափառը նաեւ տեղեկացուց, որ 2011-ին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ԱՊՀ.ի երկիրներու Միջկրօնական խորհուրդի նախագահութեան ժողովը։
Իր հերթին Իլարիոն միտրոպոլիտը վեհափառին փոխանցեց Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Կիրիլ Ա Պատրիարքի եղբայրական սէրը եւ ջերմ ողջոյնները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, վստահութիւն յայտնելով, որ այցը հնարաւորութիւն կու տայ լաւագոյնս ծանօթանալու Եկեղեցւոյ գործունէութեան տարբեր ոլորտներու մէջ եւ առաւել սերտացնելու միջեկեղեցական կապերը։
Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը այցելեց Մայր Աթոռի թանգարանները եւ ծանօթացաւ համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնի մէջ պահպանուող հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ պատմա-մշակութային սրբութիւններուն։ Պատուիրակութիւնն այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Շողակաթ հեռուստաընկերութիւն, ուր ելոյթ ունեցաւ Իլարիոն միտրոպոլիտը խօսելով Ռուս Եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին, այլ քրիստոնէական Եկեղեցիներու եւ կրօններու հետ փոխյարաբերութիւններու մասին, Եկեղեցի-պետութիւն, Եկեղեցի-հասարակութիւն յարաբերութիւններու եւ տարբեր մարտահրաւէրներու մասին։
Չորսօրեայ այցի ընթացքին նախատեսուած են այցելութիւններ տարբեր եկեղեցիներ եւ վանքեր ու նաեւ Ծիծեռնակաբերդ, եւ հանդիպումներ ռուս համայնքի եւ ուսանողներու հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.