2010-12-13 12:50:36

Մէքսիքական Ծնունդը՝ 200-ամեակի Առիթով։ Կուանայուաթոն Վատիկանի Մէջ։


Վատիկանի Թանգարանի մէջ երեքշաբթի 14 դեկտեմբերի յետ միջօրէին՝ բացումը կը կատարուի ՜՜Մէքսիքական Ծնունդը երկու հարիւրամեակի առիթով։ Կուանայուաթոն Վատիկանի մէջ՝՝ բնաբանով ցուցահանդէսին։
Մէքսիքոյի՝ Կուանայուաթօ նահանգին կառավարութիւնը ու նահանգին արհեստաւորները այս ցուցահանդէսով կ՛ուզեն յիշատակել Մէքսիքոյի անկախութեան երկու հարիւրամեակը ու մեքսիքական յեղափոխութեան հարիւրամեակը ներկայացնելով Մէքսիքոյի պատմութեան, մշակոյթին ու ինքնութեան իրողութիւնը արհեստական ստեղծագործութիւններու միջոցաւ։
Ցուցահանդէսին` որ պիտի տեւէ մինջեւ 2 փետրուար 2011, կը ներկայացուին երկու մսուրներ՝ մոմէ հիւսուած արձաններով, եւ ուրիշ 1200 արհեստական ստեղծագործութիւններ, ինչպէս նաեւ արուեստագէտ նկարիչ՝ Ժիպրան Բէնեայի նկարչութեան ցուցահանդէսը 50 նկարներով։ Ցուցահանդէսին բացումը տեղի կ՛ունենայ Կուանայուաթոնի կառավարիչ` Խուան Մանուէլ Օլիվա Րամիրէսի ներկայութեամբ եւ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.