2010-12-13 13:45:01

Հայ Հանրայայտ Դէմքեր Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Վաւերացումը Կը Պահանջեն։


Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ հանրայայտ ամերիկահայ դէմքեր, ներառեալ՝ Քիմ Քարտաշեան ու Սերժ Թանքեան, դիմումներ կատարած են Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիին, որպէսզի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող Ներկայացուցիչներու տան թիւ 252 բանաձեւը քուէարկութեան դնէ:
Քիմ Քարտաշեան, «Թուիթըր»ի վրայ զինք հետեւող աւելի քան 5.5 միլիոն համակիրներուն կոչ ըրած է, որ այս նպատակով հեռաձայնեն Փելոսիի գրասնեակը՝ (202) 225-0100 թիւով, սոյն պահանջքին համար:
Իր կարգին, Թանքեան «Facebook»ի, «Twitter»ի ու համացանցային այլ կայքերու վրայ կոչ ըրած է իր համակիրներուն, որ այս պահանջքով դիմեն Փելոսիին:







All the contents on this site are copyrighted ©.