2010-12-13 12:50:13

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց ֆրանսայի բողոքական եկեղեցիներուն Նախագահը


Շաբաթ 11 Դեկտեմբեր 2010-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Բողոքական Եկեղեցիներու Նախագահ Քլոտ Պաթի, որուն կ’ընկերանար Աքսիոն Քրէթիէնի նախագահ Իվ Կունել, ինչպէս նաեւ վարչութեան երկու անդամները եւ Վեր. Ռ. Սարգիսեան:
Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր կերպով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները, Միջին Արեւելքի մէջ Եկեղեցիներու այժմու կացութիւնն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսութեան ներդրումը միջ-կրօնական երկխօսութեան ծիրէն ներս, տեղական թէ միջազգային մակարդակներու վրայ:
Ք. Պաթի եւ անոր ընկերակիցները Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին իրենց Միջին Արեւելեան առաքելութիւնը, եւ զանազան հարցումներով ուղղութիւն խնդրեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսէն, ընդհանրապէս տարածաշրջանի եկեղեցիներուն ու համայնքներուն հետ իրենց հանդիպումներու ծիրէն ներս:








All the contents on this site are copyrighted ©.