2010-12-12 08:28:45

Մարդու Իրաւունքներու Օրուան Առթիւ Գանատայի Մէջ "Աղօթք" Հալածուած Քրիստոնեաներուն Համար


՜՜Տառապող եկեղեցիներու օգնութիւն՝՝ մարմնի Գանատական մասնաճիւղը մարդու իրաւունքներու օրուան առթիւ հրաւիրեց Գանատայի քրիստոնեաները աղօթելու աշխարհի մէջ հալածուած քրիստոնեաներուն համար։ Անիկա կը խնդրէ որ աղօթենք մասնաւորապէս Փաքիստանի, Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ Հնդկաստանի հարստահարուած քրիստոնեաներուն համար, նաեւ ոչ-բռնութեան եւ հաշտութեան մտադրութեամբ։
Յայտնենք թէ ''Տառապող եկեղեցիներու օգնութիւնը'' կաթողիկէ միջազգային ընկերակցութիւն մըն է որ ունի որպէս կէտնպատակ եղբայրաբար օգնութեան հասնիլ տառապող եւ կարօտեալ տեղական եկեղեցիներուն։ Հիմնուած է 1947-ին հոլլանտացի հայր Ժան Սդրադենի կողմէ։ Տառապող եկեղեցիներու օգնութիւնը ներկայիս նիւթական եւ հոգեւոր օգնութիւն կու տայ աւելի քան 140 երկիրներու։ Անոր առաջնահերթ մտահոգութիւնն է օգնութեան հասնիլ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն։ Վերջերս Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Տառապող եկեղեցիներու օգնութիւն հաստատութենէն խնդրեց որ իրենց ոյժերը կեդրոնացնեն մասնաւորապէս հոն ուր տեղական եկեղեցիներու քրիստոնեայ համայնքները անհետացումի սպառնալիքի մէջ են։







All the contents on this site are copyrighted ©.