2010-12-11 12:02:15

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գլխաւորած Արարողութիւնները 2010-ի Դեկտեմբեր Ամսուայ Ընթացքին


Դեկտեմբեր ամսոյն նախատեասուած արարողութիուններու շարքին, 8 դեկտեմբերի՝ յետ միջօրէին, նորին սրբութիւնը գլխաւորեց Անարատ Յղութեան աւանդական պաշտամունքը, Իտալիոյ Մայրաքաղաք՝ Հռոմի ՜՜Սպանիայ՝՝ կոչուած հրապարակի վրայ։ 12 դեկտեմբերին Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի Թորրէ Անճելա շրջանի մէջ գտնուող՝ Սուրբ Մասսիմիլիանօ Գոլպէի ժողովրդապետութեան ուր առաւօտեան ժամը 9-ին կը մատուցէ սուրբ պատարագ։
Հինգշաբթի 16 դեկտեմբերի յետ միջօրէին՝ ժամը 18-ին Նորին Սրբութիւնը կը նախագահէ Երեկոյեան ժամասացութիւնը, որուն կը դմասնակցին Հռոմի համալսարանականները։ Ուրբաթ 24 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 10-ին՝ Սուրբ Պետրոսի տաճարի մէջ Սրբազան Հայրը կը նախագահէ Սուրբ Ծննդեան պատարագը որուն պիտի սպասաւորեն Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ վարժարանի նորընծաները։
Իսկ 25 դեկտեմբերին կէսօրին՝ ինչպէս ամէն տարի Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս Տաճարի Կեդրոնական Պատշգամէն համայն աշխարհին պիտի ուղղէ Ծնունդի Իր Պատգամը ,պատգամի աւարտին պիտի տայ՝ ՈՒՐՊԻ ԷԹ ՕՐՊԻ իր Առաքելական Օրհնութիւնը որ կը նշանակէ ՀՌՈՄ քաղաքին եւ Համայն աշխարհին։ Նախ քան իր Առաքելական Օրհնութիւնը Սրբազան Հայրը շուրջ 60 տարբեր լեզուներով պիտի շնորհաւորէ համապատասխան ազգերու հաւատացեալները ,ընդ որս Հայերէն լեզուով պիտի շնորհաւորէ աշխարհի բոլոր հայերու Սուրբ Ծնունդը։
Դեկտեմբեր 31-ին, ժամը 18-ին՝ Սրբազան Քահանայապետը պիտի գլխաւորէ երեկոյեան ժամերգութիւնը եւ գոհաբանութեան ՜՜Թէ Տէում - Փառք ի բարձունս՝՝ աղօթքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.