2010-12-11 12:59:35

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Ռոնալտ Լոտեր՝ նախագահը հրէական համաշխարհային խորհուրդին ։
Ուրբաթ օրը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ երկրորդ անգամուան համար ընդունեց հրէական համաշխարհային խորհուրդի նախագահը։ ՜՜Հրէական համաշխարհային խորհուրդը՝՝ միջազգային դաշնակցութիւն մըն է հրէական բոլոր կազմակերպութիւններու, հիմնուած՝ 1936-ին Ժընեւ, եւ որուն աթոռն կը գտնուի Նիւ Եորք։ Ներկայիս անիկա կը ներկայացնէ աւելի քան 80 երկիրներու մէջ ապրող հրեաները։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ընդունեց Հիւսիսային Սպանիոյ՝ Ուրժել Թեմի Առաջնորդը, Որ Միաժամանակ Համաիշխանն է ՜՜Անտոռա՝՝ Իշխանապետութեան։
Անոր կ'ընկերանար 10 հոգինոց պատուիրակութիւն մը ներառեալ Անտոռայի արտգործ նախարարը Տիար Կզավիէ Միրօ'։ Յայտնենք թէ յառաջիկայ 16 դեկտեմբերին Նորին Սրբութիւնը պիտի ընդունի Անտոռայի նոր դեսպանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.