2010-12-11 13:00:38

Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Օր Անթիլիասի Մէջ։


Հովանաւորութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, կազմակերպութեամբ՝ Կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վարիչ Տնօրէնութեան եւ գործակցութեամբ՝ Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու վարիչ մարմինին, Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներու տօնին առիթով, աշակերտական պատարագով եւ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու աշակերտութեան ներկայութեամբ, նշուեցաւ ՙԿիրակնօրեայի Օր՚ը:
Օրուան Պատարագը մատուցեց Հայ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վարիչ Տնօրէն՝ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Աբղ. Բենդէզեանը, ներկայութեամբ միաբան հայրերուն, Դպրեվանքի սաներուն եւ Լիբանանի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու աւելի քան 500 աշակերտութեան:
Պատարագէն անմիջապէս ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Վեհափառը ընդունեց պատարագին ներկայ աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը, եւ աշակերտմները Կիրակնօրեայ Դպրոցներու մէջ իրենց սորված աղօթքները, շարականները եւ երգերը երգեցին որմէ ետք Վեհափառը, ողջունեց աշակերտութեան ներկայութիւնը Մայրավանքէն ներս, մտերմիկ զրոյց ունեցաւ անոնց հետ եւ յորդորեց կառչած մնալ Կիրակնօրեայ Դպրոցին, Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Դպրոցին: Հուսկ՝ տեղի ունեցաւ աղօթքի, շարականագիտութեան եւ Աստուածաշունչ մատեանէն քաղուած նիւթերու զարգացման մրցում մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.