2010-12-11 07:47:58

Իտալիոյ Լօրէթոյի Տիրամօր Տօնը։


Ուրբաթ 10 դեկտեմբեր 2010 ի առաւօտուն Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ տեղի կ՛ունենայ Հանդիսաւոր սուրբ արարողութիւն մը, տօնախմբելու՝ Լօրէթոյի Սուրբ Կոյս Մարիամի որպէս օդանաւորդային պաշտպան հրչակման 90 ամեակը։ Այս հռչակումը տեղի ունեցաւ 24 մարտ 1920-ին երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԵ քահանայապետի օրով, այն աւանդական կապակցութեամբ թէ՝ Տիրամօր տունը հրեշտակներու միջոցով փոխադրուած էր նազարէթէն դէպի Իլլիրիա ու ապա Րէգանադի գիւղաքաղաքը 1294 թուականին։
Սրբազան արարողութիւնը կը գլխաւորէ Գերապայծառ Վինչէնցո Բլէվի՝ Իտալիոյ Զինուորական Վիճակաւորը, ու իրեն հետ կը համապատարագէ գերապայծառ Ճորճօ Նընչինին եպիսկոպոսական փոխանորդը Զինուորական Օդանաւորդութեան։
Լօրէթոյի մէջ տօնախմբութիւնները սկիզբ առին հինգշաբթի 9 դեկտեմբերին Հսկումի աղօթքով գլխաւորութեամբ՝ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի նախագահ Կարտինալ Անճէլօ Պանիասգոյին, որուն ընթացքին սուրբ վարդարանի աղօթքը կատարուեցաւ որմէ ետք ալ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ ապա տեղի ունեցաւ թափօր մը հրաշագործ Սուրբ Կոյսի պատկերի առաջնորդութեամբ։
Ուրբաթ առաւօտ Կարտինալ Պանիասքոն Լօրէթոյի սրբավայրին մէջ գլխաւորեց սուրբ պատարագը ու ապա տեղի ունեցաւ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու օդանաւներու օրհնութիւնը մինչ անոնք թռիչք կը կատարէին։
Միշտ 10 դեկտեմբերին ֆիումիչինոյի օդակայանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լօրէթոյի Տիրամօր նուիրուած արձանի մը օրհնութիւնը։
Դեկտեմբեր մէկին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի օրուայ ունկնդրութեան ընթացքին օրհնած էր Լօրէթոյի Ս. Կոյս Մարիամի պատկերը ներկայութեամբ՝ Րէալի եպիսկոպոսին` Գաղթականներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ արքեպիսկոպոս Անթոնիօ Մարիա Վէլիոյի եւ գերապայծառ Ճիովաննի Թոնուչիի Լորէթոյի առաջնորդ։







All the contents on this site are copyrighted ©.