2010-12-11 13:00:20

Երկու Հայ Քոյրեր Կը Նորոգեն Իրենց Ուխտերը Անարատ Յղութեան Միաբանութեան Մէջ։


Զմմառ-Հինգշաբթի, 9 դեկտեմբերին առաւօտեան ժամը 11-ին, Զմմառու Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու վանատան եկեղեցւոյ մէջ, սուրբ Կոյս Աստուածածնայ Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ, առաւօտեան սուրբ Պատարագ մատոյց պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր հայր Միքայէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան։ Պատարագի ընթացքին, քոյր Նաթալի Շեմլէթեան կատարեց իր մշտնջենաւոր ուխտերը դառնալով անդամ քոյր Անարատ Յղութեան միաբանութեան, իսկ քոյր Յասմիկ Այնթապեան նորոգեց իր ժամանակաւոր ուխտերը։ Պատարագի աւարտին, ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը, գերապայծառ տիարք, Անարատ Յղութեան քոյրերը, նոր ուխտեալ երկու քոյրերը իրենց ծնողներով ընդունեցին շնորհաւորութիւնները վանատան դահլիճին մէջ։
Ապա վանատան սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ հացկերոյթ ներկայութեամբ ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ, եկեղեցական դասին, լիբանանաբնակ Անարատ Յղութեան քոյրերուն եւ նոր ուխտեալ քոյրերու ծնողներուն։ Այս ընթացքին, ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը նախ շնորհաւորեց Անարատ Յղութեան տօնը, (որովհետեւ քոյրերուն միաբանութեան անուանակոչութիւնն է), ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց՝ ուխտերը նորոգող երկու քոյրերը մաղթելով իրենց քաջառողջութիւն եւ յարատեւութիւն իրենց կոչումին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.