2010-12-10 13:20:31

Պաշտօնական Կլոր Սեղան Պաղեստինի Եւ Ս. Աթոռի Միջեւ։


՜՜Կաթողիկէներու Ներկայութիւնն Ու Գործունէութիւնը Պաղեստինի Մէջ՝՝ Նիւթին Մասին։
Ս. Աթոռի եւ Պաղեստինի Ազատագրումի Կազմակերպութեան միջեւ վերսկսան իրենց բանակցութիւնները հայող 2000-ի հիմնական համաձայնագրին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրաւունքին Պաղեստինի հողին վրայ։ Կլոր սեղանին նպատակն է կապերու հզօրացումը Ս. Աթոռի եւ Պաղեստինի Ազատագրումի Կազմակերպութեան միջեւ։ Յայտնենք թէ Ս. Աթոռի եւ Պաղեստինի միացեալ յանձնախումբը 2000-ին համաձայնագիր մը ստորագրած է որով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կ'երաշխաւորուի որոշ իրաւունքներ Պաղեստինեան հողին վրայ։ Այդ համաձայնագիրը հիմնուած է կրօնական ազատութեան եւ խիղճի յարգանքի վրայ, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի ապագայ պետութեան բոլոր քաղաքացիներու միջեւ հաւասարութեան, անկախաբար իրենց կրօնքէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.