2010-12-10 13:20:06

Յիսնակացի Խորհրդածութիւններ Ի Պատրաստութիւն Յիսուսի Ս. Ծննդեան։


Յիսնակաց շրջանի բոլոր ուրբաթ օրերը` 3, 10 եւ 17 դեկտեմբերին, Քահանայապետական տան քարոզիչը ֆրանչիսքեան հայր Ռանիերօ Գանդալամեսսան, պիտի քարոզէ (առաւօտեան ժամասացութեան ընթացքին) ներկայութեամբ՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին եւ անոր անմիջական գործակիցներուն, Փրկչին Մայրը մատրան մէջ։
Այս տարուայ խորհրդածութիւններու նիւթը ներշնչուած է՝ Ս. Յովհաննէսի Աւետարանի. ''Քաջալերուեցէք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին''խօսքէն, վերաւետարանել աշխարհականացած աշխարհը բնանիւթով։
Քահանայապետական տան քարոզիչը ֆրանչիսքեան հայր Ռանիերօ Գանդալամեսսան, 1980-էն ի վեր, ամէն տարի Յիսնակած եւ քառասնորդացի եւ Աւագ Ուրբաթ Օրուայ ծիսական ժամանակներուն Քահանայապետական Տան քարոզիչն է, ան օժտուած ատենախօս մըն է։ Եղած է Միլանոյի կաթողիկէ համալսարանի աստուածաբանութեան դասախօս։ 1980-ին կը թողու համալսարանական կեանքը դառնալու Քահանայապետական Տան քարոզիչը։ Հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու, թարգմանուած աւելի քան 15 լեզուներու։ Որպէս պատմաբան եւ աստուածաբան 1995-էն ի վեր իտալական պետական հեռուստատեսիլի մէջ կը վարէ կիրակնօրեայ Աւետարանի մեկնաբանութիւնը։ Քահանայապետական Տան քարոզիչը միակ անձնաւորութիւնն է որուն արտօնուած է քարոզել Սրբազան Քահանայապետին առջեւ։ Այս դերը հիմնուած է 1555-ին երջանկայիշատկ Պօղոս Դ. քահանայապետի կամքով։ Այս պաշտօնը նախապէս յանձնուած էր զանազան միաբանութիւններուն։
Եւ Պենետիկտոս ԺԴ. (1740-1758) այս պաշտօնը յանձնած է ֆրանչիսքեան միաբանութեան, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն իրենց այս պաշտօնը ։







All the contents on this site are copyrighted ©.