2010-12-10 13:20:42

Գիրգուգի Գաղտէացի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Լուիս Սագոն Արժանացաւ 2010-ի Խաղաղութեան Մրցանակին


Pax Christi - Քրիստոսի խաղաղութիւնը կոչուած միջազգային կազմակերպութիւնը չորեքշաբթի 8 դեկտեմբեր 2010-ին, Գիրգուգի Գաղտէացի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Լուիս Սագոյին շնորհեց 2010-ի խաղաղութեան մրցանակը։ Մրցանակի տուուչութիւնը տեղի ունեցաւ ֆրանսական եպիսկոպոսական համահաւաք դասի՝ կեդրոնի մէջ ( Փարիզ)։ Գերապայծառ Սագոն փոքրամասնութիւններու գլխաւոր պաշպանններէն մին է ու նաեւ Իրագի ժողովրդականացումի եւ համերաշխութեան դժուար ընթացքի Փաստաբան մը։ Ան եղած է նոյնպէս միջկրօնական երկխօսութեան անխոնջ նախաձեռնող մը։
Pax Christi-ի այս մրցանակի տուուչութիւնը կ՛ուզէ քաջալերանք հանդիսանալ Միջին Արեւելքի ապագային համար ու բոլոր անոնց որոնք կ՛օժանդակեն խաղաղութեան եւ համերաշխ կեանքի հաստատումին։







All the contents on this site are copyrighted ©.