2010-12-09 11:54:49

Յովսէփ եպս. Առնաութեանի միջամտութիւնը Միջին Արեւելքի սիւնհոդոսին


Սիւնհոդոս մը Ողորմած Սիրոյն հովանիին ներքեւ
Վատիկան
«Տիրոջ ողորմութիւնները յաւիտեան պիտի երգեմ» (Սղմ 89: 2)
«Երբ հասաւ ժամանակներու լրումը» (Գաղ. 4, 4), «Աստուած ուղարկեց Իր անդրանիկ Որդին, Յիսուս Քրիստոս, փրկիչը, որ մարմնացաւ Ասիոյ այս հողին վրայ» (Առաքելական յորդոր՝ Եկեղեցին Ասիոյ մէջ, թիւ 1 եւ Արեւեան լոյսը թիւ 1) եւ պիտի վերադառնայ Արեւելքէն (Մատթ 24, 27)։
Քրիստոս՝ ողորմած սէրն է մարդացած, մեռած եւ յարութիւն առած։ Ան արեւելքի որդին է։
Փրկիչին այս ժամանումը պատրաստուած էր սուրբ Յովհաննէս մկրտիչ կարապետի կողմէ։
Սոյն Սինհոդոսը, փրկութեան լաստ, ունեցաւ ինքն ալ իր կարապետը։ Այդ՝ Միջին Արեւելքի պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու առաջին համագումարն էր, որ տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ, 1999 թուականին, օրհնութեամբ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. սրբազան քահանայապետին։ Ան ի մի հաւաքեց 171 անդամներ։ 7 Պատրիարքներ, 5 Կարտինալներ, 104 Եպիսկոպոսներ որոնք համաժողովը եզրակացուցին 84 յանձնարարականներով, որոնցմէ չորրորդը կ՛առաջադրէ 5 տարին անգամ մը կանոնաւոր կերպով կազմակերպել նման համագումար։ Այս առաջադրանքը սակայն գործի չդրուեցաւ։
Շնորհակալութիւն սրբազան քահանայապետին, որ հրաւիրեց սոյն սիւնհոդոսը, որ ինքնին կը լրացնէ այս բացը։
Քրիստոսի մարդեղութենէն ետք՝ «Եկեղեցին լեցուած է սուրբ Երրորդութեամբ» (Օրիժեն), աղբիւր, տիպար եւ վերջնական նպատակ սուրբ Եկեղեցւոյ, խորհուրդ սիրոյ եւ հաղորդութեան։ Այս մեծ խորհուրդը որու մեծ Յոբելեանը յիշատակեցինք 2000-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. սրբազան քահանայապետը (նոր հազարամեակի սկիզբին) զայն կը նկատէ «Ոչ թէ միայն յիշատակում մը անցեալի, այլ նաեւ մարգարէութիւն մը ապագայի» (թիւ 3) եւ մեզ կը հրաւիրէ նպաստելու հաղորդութեան հոգեւոր արժէքի զարգացման (թիւ 43)։ Աւելի ապագայ ունինք քան անցեալ եւ ապագան աւելի կարեւոր է քան այս վերջինը։ Միեւնոյն սրբազան քահանայապետը կ՛ամփոփէ 20-րդ դարը, որպէս բարբարոսութիւններու դար եւ Աստուածային ողորմութեան յայտնութեան դարաշրջան ։
Նշում կատարելով ուրեմն «աշխատանքային ուղեցոյցին», մանաւանդ երկրորդ բաժնին եւ նպատակին' «արծարծել հաղորդութիւնը», ընդունելով հանդերձ որ 3 բաժինները զիրար կÿամբողջացնեն, կը բաւականամ կատարելով ընթերցում մը ժամանակներու նշաններուն, յիշատակելով ստորեւ նշուած դէպքերը որոնք կ'ամփոփուին Պենեդիկտոս 16-րդ Սրբազան Քահանայապետին հետեւեալ խօսքով։ «Ողորմած սէրը կեդրոնն էր իմ նախորդիս երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի պապական նստաշրջանին»։
-«Ողորմութեամբ մեծ» շրջաբերականը (30 նոյեմբեր 1980)
-«Նոր յոյս մը Լիբանանի համար» առաքելական յորդոր 1997 «միացումը Հայր մեր»ին, «Հաւատամք» ին ։ Այստեղ կարելի է հարցադրել թէ այդ յանձնարարականները արդեօք գործադրուեցա՞ն։
-Վկայութիւնը սուրբերու եւ նահատակներու (Ժամանումը երրորդ հազարամեակի, 1994)։ «Սուրբերու եւ նահատակներու էոքիւմենիզմը հաւանաբար ամենահամոզիչն է» (թիւ 37)։ 20-րդ դարուն կան աւելի քան 13000 մարտիրոսներ։ Եկեղեցի մը մարտիրոսներու։ Ժամանակակից հոյլ մը, սուրբերու եւ ողորմութեան առաքեալներու։ Արս քաղաքի քահանան, սրբուհի Թերեզան, սուրբ Ֆոսդինը, երանելի Եաքուպ վարդապետը, երանելի Իքնատիոս Մալոյեան եպիսկոպոսը, նահատակուած հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին 1915-ին, որու զոհ գացին 1,5 միլիոն հայ նահատակներ…։
- Հաստատումը Աստուածային ողորմութեան տօնին 2000 թուականին։
- Աշխարհի նուիրումը' ողորմած սիրոյն 17 օգոստոս 2002։
-Առաջին համաժողովը նուիրուած Աստուածային ողորմութեան, գումարուած Հռոմի մէջ 2008։
-Պենեդիկտոս ԺԶ. քահանայապետին 3 շրջաբերականները «Աստուած սէր է» (2005), «Յոյսով փրկուած ենք» (2005), «Սէրը ճշմարտութեան մէջ» (2009)։ Շրջաբերականներ այնքան պերճախօս վերնագիրներով։
Այսու կը ներկայացնեմ հետեւեալ առաջարկները։
1-      Հաստատումը ծիսական տօնի մը նուիրուած Հօր։ □Հայր մերը□ լաւագոյն էոքիւմենիք աղօթքն է։ Այս տօնը պիտի նպաստէ պահպանման ընտանիքին եւ մարդկութեան՝ որը կը կազմէ անբաժանելի զոյգ մը ։
2-      Միասնաբար կառուցանել Քրիստոսի մարմինը եւ ըլլալ ծառաներ հաղորդութեան, մարգարէներ յոյսի եւ վկաներ ողորմութեան (Նոր յոյս մը Լիբանանի համար)։ Ողորմութիւնը խմոր է հաղորդութեան:
ա. Միջին Արեւելքի մէջ «զիրար կը խաչաձեւեն զանազան Կաթողիկէ թեմեր»։ «Այս դժուարութիւնը կրնայ շնորհք մը ըլլալ… բայց կարելի է որ ան տկարացնէ վերոնշեալները» (թիւ 64)։ Կը նշմարուի «բացակայութիւնը Եկեղեցւոյ դերակատարութեան, որպէս խորհուրդ հաղորդութեան» (թիւ 80)։ Ներկայ ժամանակներու բազմաթիւ մարտահրաւերներու դիմաց, Միջին Արեւելքի կաթողիկէները կը դիմակալեն, ըստ երեւոյթին, անկազմակերպ ձեւով, ինչ որ կը վարկաբեկէ անոնց վկայութիւնը։ Ուստի Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետը կը պահանջէ «զօրացնել համակարգման զանազան մարմինները» մանաւանդ Արեւելքի պատրիարքներու խորհուրդին մէջ (թիւ 82)։
բ. «Եկեղեցի՝ սուրբ Հաղորդութենէն» սուրբ Հաղորդութիւնը կը կառուցէ եկեղեցին ու կը հաստատէ անոր միութիւնը, միեւնոյն ժամանակ «փոխադարձ բացառումով սուրբ Հաղորդութեան, մենք կը զգանք մեր տկարութիւնն ու խեղճութիւնը» (Արեւեան Լոյս, 19)։
Այստեղ ուրեմն կը տեսնենք մնայուն անհրաժեշտութիւնը Աստուածային ողորմածութեան։
3-      Գերադասութիւնը Շնորհքին եւ սուրբ Պետրոսին՝ երրորդ հազարամեակին։
Պօղոս Զ. Քահանայապետէն ետք, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապն ալ կ՝ընդունի թէ Հռոմի եպիսկոպոսի գերադասութիւնը «արգելք կը հանդիսանայ» ոչ կաթողիկէ այլ քրիստոնեաներու մեծամասնութեան համար եւ կը հրաւիրէ իր հետ փնտռելու այն ձեւաչափերը որոնց միջոցաւ Հռոմի եպիսկոպոսի եկեղեցական միութենական իշխանութիւնը կարելի է վերածել սիրոյ ծառայութեան, ընդունուած բոլորին կողմէ։ (Որպէսզի մէկ ըլլան թիւ 155)։
Վատիկան Բ. Տիեզերական ժողովը կը հաստատէ որ, Հռոմի եպիսկոպոսը մնայուն, սկզբունքային, եւ տեսանելի հիմք է հաւատքի միւթեան եւ հաղորդութեան (Ազգերու լոյսը թիւ 81)։
Միւս կողմէ, ըստ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին, նկատի ունենալով սուրբ Պետրոսի մարդկային տկարութիւնը, յստակ է թէ Պետրոսի իւրայատուկ ծառայութիւնը Շնորհքի արդիւնքն էր։ Ան իր 3 ուրացումներէն ետք, պէտք ունէր Աստուածային ողորմութեան, որպէսզի իր ծառայութիւնը ըլլար ողորմութեան ծառայութիւն, ծնունդ առած Աստուածային բազմակերպ ողորմութենէն։ (Որպէսզի մէկ ըլլան Թ. 88-96)։
4-      Խաղաղութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ։
Չկայ քաղաքացիական խաղաղութիւն առանց կրօնական խաղաղութեան։ Խաղաղութիւնը Աստուածային պարգեւ է եւ մարդկային նուաճում։ Թող Աստուած, որ մեծ է ողորմութեամբ, յարուցանէ խաղաղութեան կերտիչներ, համարձակ եւ լուսամիտ։ □Եկեղեցին չի կրնար մոռնալ աղօթքը, որ աղաղակ մըն է Աստուծոյ ողորմութեան, դիմակալելու զանազան տեսակի չարիքները որոնք կը ճնշեն մարդկութեան վրայ ու կը սպառնան անոր (ողորմութեամբ մեծ Թ. 15)։ «Մարդկութիւնը պիտի չկարողանայ գտնել խաղաղութիւնը, ցորքան չէ դարձած վստահութեամբ դէպի իմ ողորմութիւնս» (Քրիստոսի խօսքը սուրբ Ֆոսդինին)։
Աստուած տայ որ Կաթողիկէ եկեղեցին □յառաջանայ դէպի բացերը□(Ղուկ 5, 4) եւ խորասուզուի, ինք մկրտուածը, Ողորմած սիրոյն անհուն անդունդին մէջ, մի եւ երրեակ, երանելի հաղորդութիւն, բարեխօսութեամբ Տիրամօր, ինքն ալ Արեւելքի Դուստրը, մայրն ողորմութեան, որ ցոյց կու տայ երեւելեան Լոյսը, ճանապարհը սիրոյ, միւթեան եւ խաղամութեան:


Յովսէփ եպս. Առնաութեան
Առաջնորդ Դամասկոսի Կաթողիկէ Հայոց







All the contents on this site are copyrighted ©.