2010-12-09 12:54:15

Եւրոպայի Մէջ Գործող Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպաններու Խորհրդակցութիւնը։


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Դեկտեմբեր 7ին, Պրիւքսելի մէջ մասնակցած է ՝՝Հայաստան-Եւրոմիութիւն խորհուրդի ՝՝11-րդ նիստին։ Իսկ Դեկտեմբեր 6ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Փարիզի մէջ խորհրդակցութիւն ունեցած է Եւրոպական երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ պաշտօնավարող Հայաստանի Դեսպաններուն եւ մշտական Ներկայացուցիչներուն հետ, եւ անոնց ներկայացուցած է Եւրոպական Միութեան հետ ծաւալող համագործակցութիւնը։ Նախարար Նալբանդեան յանձնարարականներ տուած է եւրոպական կառոյցներուն մէջ ներգրաւուածութեան առաւել աշխուժացման եւ եւրոպական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան խորացման կապակցութեամբ։Միւս կողմէ սոյն հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ Դեկտեմբեր 1-2ին, Ասթանայի մէջ կայացած ԵԱՀԿ-ի վեհաժողովին արդիւնքները։







All the contents on this site are copyrighted ©.