2010-12-07 13:21:55

Ռատիօ Վատիկանի Տնօրէն Հայր ֆետերիգօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։
Ծնանելիք Կեանքի Ի Նպաստ։


Կեանքը անգամ մը որ մօր մը արգանդին մէջ կազմուի պէտք է պաշտպանուի ամենայն նրբութեամբ։ Այս է կոչը որ Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը ուղղեց Ծննդեան Յիսնակաց շրջանին սկիզբը։ Եւ այս նիւթին վրայ է որ կը կեդրոնանայ հայր ֆետերիգօ Լոմպարտիի այս շաբթուայ խմբագրականը ի պատրաստութիւն սուրբ Ծննդեան սքանչելի խորհուրդին։
Աստուած որ կը մարմնանայ, Աստուած որ կը դառնայ մանուկ, մեզի մօտ Աստուած մըն է։ Մարդը չէ եղած երբէք պարզ ՜՜կենսաբանական նիւթ մը՝՝ կը գրէ Հայր Լոմպարտի։
Ստեղծագործութեան առաջին վարկեանէն իսկ , մենք նկատուած ենք որպէս ծրագիր մը որ կը ձգտի խելացիութեան, ազատութեան, սիրոյ, բացուած իրկանութեան, վսեմին, բարիին, անհունութեան։ Ծրագիր մը որ կը ծնի խորհրդաւոր աղբիւրէ մը, որ կը հրաւիրէ մեզ ՜՜սիրելու՝՝։ Նորածին մանուկի մը ժպիտը կ՛արտայայտէ այս իրողութիւնը։ Փոխանցիկ ժպիտ մը որ մեզ կը հրաւիրէ սիրելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու մեզի շնորհուած պարգեւին համար։ Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը կը յանդիմանէ ըսելով որ մանուկներու կեանքը ծնունդէն ետքն ալ կ՛ենթարկուի ՜՜լքումի, անհոգութեան, սովի, թշուառութեան, հիւանդութեան ու շահագործումի՝՝ ու այս առնչութեամբ կը հրաւիրէ բոլորս ստանձնելու մեր պարտականութիւնը. ՜՜Յարգէ, պաշտպանէ, սիրէ եւ ծառայ եղիր կեանքին, մարդկային ամէն մէկ կեանքի՝՝ կ՛ըսէ Նորին Սրբութիւնը։ Ին՞չ տեսակ աշխարհ մը կը գտնէ Յիսուս երբ ծնի, ին՞չ տեսակ աշխարհ կը պատրաստենք ծնող մանուկներուն։ Պարտականութիւնն ունինք սիրելու կեանքը որպէսզի ամէն նորածին կարենայ ուրախանալ իր աշխարհ եկած ըլլալուն համար եւ իր կարգին սորվի սիրել կեանքը` իր շուրջապատը եւ զԱստուած։







All the contents on this site are copyrighted ©.