2010-12-07 13:21:44

Պատրիարք Եունան Կը Պաշտպանէ Իրաքի Քրիստոնեաներու Դատը. ՜՜Կառավարութիւնը Պէտք Է Պաշտպան Կանգնի Անոնց՝՝ Ըսած է Ան։


Ասորիներու կաթողիկէ պատրիարքը` Ինքնատիոս Եուսէֆ Գ Եունան, այցելութիւն կատարած է ֆրանսա հանդիպում ունենալու՝ Իրաքի քրիստոնեայ վիրաւորեսլներու հետ, որոնք Փարիզ հասած են խնամուելու համար ֆրանսական կառավարութեան նախաձեռնութեամբ ։ Պատրիարքը ֆրանսայի արտգործ նախարար տիկին Միշէլ Ալիօ Մարիին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, շնորհակալութիւն յայտնած է ֆրանսական կառավարութեան մարդասիրական այս նախաձեռնութեան համար։ Վերակոչած է Իրաքի քրիստոնեաներու դէմ մղուած մահափորձերու հարցը եւ ընդգծած` հարկաւորութիւնը Իրաքի քրիստոնեայ համայնքի պաշտպանութեան։ Ապա ան ցաւ յայտնած է իսլամ կրօնապետերու լռութեան ի տես, որոնք չեն դատապարտեր ահաբեկչութիւնը եւ պայքար չեն մղեր մոլեռանդներու դէմ։ Յայտնենք թէ կաթողիկէ ասորիները կը հաշուեն շուրջ 175,000 հաւատացեալ, որոնք կ'ապրին Սուրիա, Լիբանան եւ Իրաք։








All the contents on this site are copyrighted ©.