2010-12-07 13:02:51

''Ուկրանիոյ Դերը Եւրոպայի Քրիստոնէացումին'' Նիւթին Մասին Գիտաժողով Մը Հռոմի Մէջ։


Յառաջիկայ 10 դեկտեմբերին գիտաժողով մը տեղի պիտի ունենայ Սան Թոմմազօ Տ՝Ագուինօ կոչուած քահանայապետական համալսարանի մէջ, ունենալով որպէս բնաբան. ''Ս. Աթոռը եւ Ուկրանիան - քրիստոնեայ Եւրոպայի համար''։ Գիտաժողովը կը վայելէ հովանաւորութիւնը Վատիկանի մօտ Ուկրանիոյ դեսպանատան եւ ունի որպէս նպատակ ՜՜ի յայտ դնել Ուկրանիոյ դերը եւրոպայի քրիստոնեացումին առնչութեամբ՝՝։ Գիտաժողովին կը մասնակցին Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի, եւ քարտուղարը գերապայծառ Վազիլ, նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` Գերապայծառ ֆիզիքելլա ինչպէս նաեւ՝ Լվովի առաջնորդը` գերապայծառ Մոգորշիքի` երբեմնի խորհրդատուն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, ասոնց կողքին նաեւ Ուկրանիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ։
Յայտնենք թէ Ուկրանիոյ կաթողիկէ եկեղեցին պաշտօնապէս հրաւէր ուղղած է Սրբազան Քահանայապետին իր մասնակցութիւնը բերելու 2012ի Ս. Հաղորդութեան ազգային ժողովին առթիւ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.