2010-12-07 15:35:25

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանրային Խորհուրդի Անդամներուն Հետ կը Քննարկէ Կրթութեան Մարզի Խնդիրները։


Հանրային խորհուրդի անդամներուն հետ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկուան հանդիպման ընթացքին առաւելապէս քննարկուեցան կրթութեան մարզի հիմնախնդիրները։ Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան։ Նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը փոխանցէ, որ Սերժ Սարգսեան արդիւնաւէտ նկատեց նման ձեւաչափերով հանդիպումները, երբ հիմնական ուշադրութիւնը կը կեդրոնացուի որոշակի մէկ-երկու հարցի վրայ՝ կարելիութիւն տալով համակողմանիօրէն անդրադառնալ քննարկուող հարցերուն եւ ներկայացուած առաջարկներուն։ Հանրային խորհուրդի նախագահ Վազգէն Մանուկեան ներկայացուց խորհուրդի անցեալ ամիսներու գործունէութիւնը,նշելով որ բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած են հասարակութեան տարբեր շերտերու ներկայացուցիչներուն հետ եւ ունկնդրած են զանոնք ամէնէն շատ մտահոգող խնդիրները։







All the contents on this site are copyrighted ©.