2010-12-07 15:45:56

Ըստ Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Հայրենիքի հանդէպ սփիւռքին վստահութիւնը կ՛աճի։


ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան յայտնեց, թէ նախարարութեան համար անցած 2 տարիները՝ կայացման ստեղծման, զարգացման եւ նորութիւններու շրջան էին։ Ըստ նախարարին, այս տարի նախարարութիւնը նուիրուած էր Սփիւռքի հիմնախնդիրներուն, ինչպէս՝ հայ ինքնութեան որակներու պահպանումը՝ խառն ամուսնութիւններու պարագային, արեւմտահայերէնի ուսուցման վիճակը եւ լրատուութեան անվտանգութեան խնդիրները։Սփիւռքն ունի մարտահրաւէրներ, որոնք անհրաժեշտ է դիմագրաւել, նշած է Հրանոյշ Յակոբեան, աւելցնելով որ այդ ուղղութեամբ արդէն յաջողած է նախարարութիւնը. ՝՝Լաւագոյն ձեռքբերումներ եմ համարում 9 համաժողովների կազմակերպումը, որոնց շնորհիւ, մենք կարողացանք Սփիւռքը մօտեցնել հայրենիքին, իսկ հայրենիքը՝ Սփիւռքին՝՝ըսած է ան, աւելցնելով, որ նախարարութիւնը յաջողած է նաեւ մասնագէտներու միջեւ կապեր հաստատել, որպէսզի անոնք աւելի աշխոյժ գործեն յօգուտ՝ Հայրենիքին եւ Սփիւռքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.