2010-12-07 13:25:29

7 Դեկտեմբեր 1988-ի Սպիտակի Երկրաշարժին 22-րդ Տարելիցը։


22 տարի առաջ, 7 դեկտեմբերին, Հայաստանի հետ ամբողջ աշխարհը զարհուրանքով տեսաւ ու ճարահատ անդրադարձաւ, թէ մարդն ու քաղաքակրթութիւնը տակաւին որքա՜ն անզօր են բնութեան եւ բնական աղէտներուն դէմ։ 1988ի այս օրը, ճիշդ ժամը 11։41ին, այդ ժամանակ տակաւին խորհրդային լուծի տակ ապրող Հայաստանի հիւսիսային շրջանները՝ ընդհանրապէս Կիւմրին եւ մասնաւորապէս Սպիտակը բառացիօրէն փուլ եկան։ 22 տարի անցած է աղէտալի երկրաշարժէն ասդին եւ մասնագիտական հիմնարկներն ու համապատասխան Հ.Հ. պետական սպասարկութիւնները ամփոփած են վերջնական հաշուեկշիռը Սպիտակի երկրաշարժին։ Աղէտի գօտին ունեցաւ 10.000 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն, ուր կապրէր շուրջ 1 միլիոն բնակիչ։ Ուժեղ աւերման ենթարկուեցաւ աղէտահար այդ գօտիին 3000 քառակուսի քիլոմեթրը։ Աւերուեցան 11 քաղաք եւ 58 գիւղեր։ Տուժեցին 21 քաղաքներ եւ 342 գիւղեր։ Անօթեւան մնացին 514.000 մարդ։ Հարիւր հազարաւորներ այսօր, Դեկտեմբեր 7ին, աշխարհի չորս ծագերէն կը սգան իրենց հարազատներուն անդարձ կորուստը։
Աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողովուրդը, ամէն տարի, վերանորոգ ցաւով կոգեկոչէ 1988ի աղիտալի երկրաշարժը։ Այս առումով եւս, ամէն տարի 7 Դեկտեմբերին, աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին հայեացքը վերստին կուղղուի դէպի Սպիտակ ու Աղէտի Գօտի՝ անդարձ կորած մեր զոհերը սգալու համար առաջին հերթին, բայց նաեւ Սպիտակի երկրաշարժիին չսպիացող վէրքին ընդմէջէն՝ վերանորոգելու մեր հաստատակամութիւնը, ամէն կարգի մարտահրաւէրները ազգային միասնականութեամբ դիմագրաւելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.