2010-12-06 13:27:56

Հայաստան-Իրան Հիւպատոսական Եօթներորդ Միացեալ Նիստ։


1-2 դեկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ հիւպատոսական եօթներորդ միացեալ նիստը։ Նիստին ընթացքին քննարկուեցան այցեգիրերու, իրաւական, հասարակական եւ արարողակարգային հարցեր։ Նիստին իբրեւ արդիւնք երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու հիւպատոսական վարչութիւններու ղեկավարները ստորագրեցին փոխադարձ ըմբռնումի յուշագիր մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.