2010-12-06 13:23:07

Ասթանայի Վեհաժողովը եւ Նախարար Նալբանդեանի Գնահատումները։


Գնահատելով Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ-ի վեհաժողովը՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ միջազգային հանրութեան մօտեցումները լիովին համահունչ են՝ Հայաստանի մօտեցումներուն։
Ըստ նախարար Նալբանդեանի, Ասթանայի մէջ միացեալ յայտարարութեամբ կարեւոր կը նկատուի Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն 2 նոյեմբեր 2008-ին Մոսկուայի հռչակագիրը եւ 27 հոկտեմբեր 2010-ին Աստրախանեան յայտարարութիւնը, եւ կ՝ընդծուի, որ տագնապին լուծման իբրեւ հիմք պէտք է հանդիսանան միջազգային իրաւունքի օրէնքները եւ սկզբունքները, ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը, Հելսինքեան եզրափակիչ աքթը, 10 յուլիս 2009-ին Աքուիլայի եւ 26 յունիս 2010-ին Մոսկուայի յայտարարութիւնները։
Անդրադառնալով այն դիտարկումին, որ արդէն նախանցեալ օր Ազրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն կողմէ ներկայացուած յայտարարութիւններուն մէջ փորձ կը կատարուէր խեղաթիւրուած ձեւով ներկայացնելու Ասթանայի հնգակողմանի յայտարարութիւնը, Նալբանդեան արձագանգեց, որ Ազրպէյճանի քարոզչութեան համար արդէն աւանդութիւն դարձած է փրփուրներ ստեղծել հասարակական կարծիքին համար եւ փորձել անոնց կառչիլ։ Նախարար Նալբանդեան շեշտեց, որ Հայաստան անցեալի նման պիտի շարունակէ իր ջանքերը ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ՝ միջնորդներուն ներկայացուցած առաջարկներուն հիման վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.