2010-12-05 14:12:02

Սուրբ Պետրոս Հրապարակի Կաղանդի Տօնածառի Լուսաւորումը Տեղի Պիտի Ունենայ 17 Դեկտեմբերին։


Ինչպէս սովորութիւն դարձած է, ամէն տարի Իտալիոյ մարզերէն մին կը նուիրէ այն հսկայ Եղեւին որ կը զարդարէ Սուրբ Պետրոսի Հրապարակը տօնական ժամանակաշրջանի տեւողութեան։ Այս տարի 26 մեթր բարձրութիւն ունեցող 93-ամեայ Եղեւին նուէրն է Իտալիոյ հիւսիսային Պոլցանօ մարզի՝ Լուսոն-ի քաղաքապետարանին։ Տօնածառը 3 Դեկտեմբերին դրուեցաւ Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ ՝ Մեծ Մսուարին քով որու կառուցումի աշխատանքները տակաւին չեն աւարտած։ Ծնունդի Տօնածառի լուսաւորումի արարողութիւնը տեղի պիտի ուենայ 17 Դեկտեմբերին,յետ միջօրէին,գլխաւորութեամբը Կարտինալ Ճովաննի Լայոլօ -ի ՝Կառավարիչը Վատիկանի Պետութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.