2010-12-05 14:10:35

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։

կիրակի 5 դեկտեմբեր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Յիսնակաց այս Բ կիրակին մեզի կը ներկայացնէ Յովհաննէս Մկրտիչը, որ սկիզբը անապատ քաշուեցաւ եւ ապա իր քարոզութեամբ հրաւիրեց ժողովուրդը ապաշխարութեան, պատրաստ ըլլալու ընդունելու եկող Մեսիան։

Ս. Գրիգոր Է քահանայապետը խօսելով ս. Յովհաննէս Մկրտիչին մասին կը գրէր. Մկրտիչը կը քարոզէր ուղիղ հաւատքը եւ կը հրաւիրէր մարդիկը բարի գործեր կատարել... որպէսզի շնորհքի զօրութիւնը ներթափանցէ եւ ճշմարտութեան լոյսը պլպլայ եւ դէպի Աստուած տանող ճանապարհները յայտնուին պարկեշտ մարդոց մօտ ու բարիք գործեն։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ Յիսնակաց այս շրջանին մենք եւս կանչուած ենք անսալու Տիրոջ ձայնը որ կ'արձագանգէ Ս. Գիրքի մէջ եւ Ս. Հոգւոյ զօրութեամբ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը կոչ մը ուղղեց աղօթելու բոլոր անոնց համար որոնք իրենց քրիստոնեական հաւատքին պատճառաւ հարստահարուած ու հալածուած են. թող Քրիստոսի գալուստը բոլորիս տայ մխիթարութիւն, հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն։

մարեմեան աղօթքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը կոչ ըրաւ բոլոր անոնց համար որոնք իրենց քրիստոնեական հաւատքին համար կը հալածուին։ Միտքս կու գայ, ըսաւ Սրբազսաան Հայրը, Իրաքի թէ Եգիպտոսի Սիննայի մէջ ոճրագործերու թիրախ անմեղ քրիստոնեաները։ Իրաւունքերու յարգանքը հիմն է ու նախապայամանը քաղաքացիական համակեցութեան։ Մեր աղօթքը բարձրացնենք Տիրոջ ու մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք բոլոր զոհերուն թող Տէրը յոյս ներշնչէ բոլոր անոնց որոնք կը տառապին։

Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաները հետեւելու Ս. Կոյս Մարիամի օրինակին, միշտ հաստատ մնալով հաւատքին մէջ ի գին ամէն դժուարութիւններու։ Բարի կիրակի ամէնուդ։



իսկ Այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած օրհնութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.