2010-12-04 12:50:23

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայպետին Ցաւակցական Հեռագիրը Ի Լուր Կարտինալ Ճորտանոյի Մահուան։


Իր ցաւակցական հեռագիրին մէջ Սրբազան Հայրը կ'ողջունէ Աստուծոյ ծառային հովուական նուիրումը հոգիներու փրկութեան համար, Հարաւային Իտալիոյ զանազան թեմերուն մէջ։ Կարտինալ Ճորտանօ եղաւ մասնաւորապէս առաջնորդը Նափոլի թեմին 1987-2006, բուռն պայքար մղելով կազմակերպուած ոճրագործութեան դէմ։ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ, ուղղուած կարտինալ Սեփէին` առաջնորդը Նափոլի թեմին, իր աղօթքն ու գնահատանքը կը յայտնէ, ողբացեալ այս եղբօր՝ Աւետարանին ու Եկեղեցւոյ մատուցած վեհանձն ծառայութիւններուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.