2010-12-04 12:51:36

Իրաքի Հայերը Ակնկալիքներ Ունին Հայաստանի Դեսպանութեան Վերաբացումէն։


Իրաքի մէջ վերջերս վերաբացուած հայկական դեսպանատան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան Իրաքի հայկական եկեղեցւոյ Առաջնորդարանի ներկայացուցիչներուն հետ։ Այդ մասին Ազատութիւն ռատիոկայանին յայտնեց իրաքահայ համայնքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պարոյր Յակոբեանը։ Յակոբեանը կըսէ՝ թէ շատ ուրախ են, որ այժմ Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կը գործէ, որոշ հարցեր կը դիւրանան, ինչպէս է՝ Հայաստան երթալու համար վիզա ապահովելու հարցը եւ կը սերտանան մշակութային կապերը։ Հիմա ակնկալիքներ ունենք, բնականաբար՝ մշակութային հարցերի կապակցութեամբ ։ Միւս կողմէ, ան չի կարծեր, թէ այն հիմնական խնդիրները, որ ունին իրենք եւ քրիստոնեայ ողջ համայնքը Իրաքի մէջ, Հայաստանի դեսպանատան առկայութեամբ որեւէ ձեւով կը լուծուին։ Մօտ մէկ ամիս առաջ տեղի ունեցած յարձակումը քրիստոնէական եկեղեցւոյ վրայ աւելցուց անհանգստութիւնը նաեւ Իրաքի մէջ բնակող շուրջ 12-հազար հայկական համայնքի շրջանակներուն մէջ։ ՜՜Այս դէպքը մեծ անդրադարձ ունեցաւ ամբողջ քրիստոնեայ համայնքին վրայ, մարդիկ գրեթէ սարսափի մէջ են, չգիտեն, թէ վերջը ինչ է լինելու համայնքի ընդհանուր վիճակը, ըսաւ Յակոբեան՝ շեշտելով. մենք իրաքցի ենք, մեր հայրենիքը Իրաքն է։ Ճիշդ է, Հայաստանի դեսպանն է, Հայաստանն էլ մեր մայր հայրենիքն է, բայց այստեղի տէր ու տիրականը այստեղի պետութիւնն է, այստեղի կառավարութիւնն է, եւ մենք ենթակայ ենք նրան։ Այսինքն՝ մեր հարցերը մեր պետութիւնը պիտի լուծի՝՝։ Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը, որը բացուած էր 2003-ին, գործեց, ընդամէնը մի քանի ամիս եւ Իրաքեան պատերազմը սկսելէն օրեր առաջ փակուեցաւ։ Այս տարուայ Սեպտեմբեր 1-ին ԱՄՆ-ի նախագահ Պարաք Օպաման յայտարարեց, որ Իրաքի մէջ ռազմական գործողութիւնները վերջացած են։ Այդ յայտարարութենէն մէկ շաբաթ ետք Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով Իրաքի մէջ դեսպան նշանակուեցաւ մոսկովեան ԲԱՄՕ ընկերութեան հիմնադիր Մուրադ Մուրադեանը։ Պարոյր Յակոբեանը յայտնեց, որ դեսպանատունը վերաբացուեցաւ ոչ նախկին շէնքին մէջ, այլ անվտանգ՝ այսպէս կոչուած կանաչ գօտիին մէջ գտնուող նոր շէնքի մը մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.