2010-12-04 12:50:38

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելութիւն Կը Կատարէ Վատիկան։


Դեկտեմբեր 3-5 Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը Հռոմ կը գտնուի։
Պատուիրակութեան գործունէութեան յայտագիրն է Հռոմի մէջ, աղօթք մեթոտիկ եկեղեցւոյ մէջ, ժողով Հռոմի բողոքականներուն հետ եւ երկու հանդիպում կաթողիկէ կազմակերպութիւններու հետ, առաջինը` Սանդ'Էճիտիոյի եւ ֆոգոլարինի շարժումներու հետ։ Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով՝ վերապատուելի Օլաւ Թվէյթ յայտնած է թէ խօսակցութիւնները մասնաւորապէս պիտի կեդրոնանան հետեւեալ նիւթերու վրայ. Եկեղեցւոյ միութեան փնտռտուքը, Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հաւատացեալներու զօրակցութիւնը եւ համամիութեան համար աշխատելու վերայանձնառումը։
Այցելութեան կեդրոնական նպատակն է, վերահաստատել Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի յարումը Յիսուս Քրիստոսի, Եկեղեցւոյ միութեան վերահաստատումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.