2010-12-04 12:38:39

Ասթանայի Հռչակագիրը Կոչ Կ՝ուղղէ ՝՝Տագնապները Խաղաղ Միջոցներով եւ Փոխադարձ Համաձայնութեամբ Լուծելու՝՝։


2 դեկտեմբերին Ասթանայի մէջ աւարտեցաւ վերջին 11 տարուան մէջ ԵԱՀԿ-ի առաջին վեհաժողովը։ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ ողջունեց ԵԱՀԿ-ի 56 մասնակից պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներուն աշխատանքը՝ յայտարարելով, որ անոնց կողմէ Ասթանայի հռչակագիրի որդեգրումը վերահաստատեց թափանցիկութեան վրայ հիմնուած անվտանգութեան նկատմամբ կազմակերպութեան համապարփակ մօտեցումը։
Ղեկավարները Ասթանայի մէջ որդեգրեցին ՝՝Ասթանայի ամփոփիչ հռչակագիր՝ դէպի անվտանգ հանրութիւն՝՝ ը, որ վերահաստատեց անդամ երկիրներու պարտաւորութիւնը ԵԱՀԿ-ի սկզբունքներուն նկատմամբ։Հռչակագիրին մէջ կը նշուի նաեւ թէ ՝՝Շատ աւելի ջանք պէտք է գործադրուի ԵԱՀԿ-ի գօտիին մէջ տագնապները խաղաղ ճամբով եւ բանակցային գործելաձեւով՝ համաձայնուած ձեւաչափերու ծիրին մէջ լուծելու համար, ամբողջովին յարգելով միջազգային իրաւունքի չափանիշերը եւ սկզբունքները, որոնք ամրագրուած են ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Հելսինքիի եզրափակիչ աքթին մէջ։ Նոր ճգնաժամները պէտք է կանխարգիլուին՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.