2010-12-03 12:26:48

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Ուրբաթ 3 դեկտեմբեր 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 9-ին ՜՜Փրկչին Մայրը՝՝ մատրան մէջ մասնակցեցաւ առաւօտեան ժամասացութեան եւ ապա լսեց Յիսնակացի պատրաստութեան քահանայապետական տան քարոզիչ` ֆրանչիսքեան Հայր Գնդալամեսսայի պատշաճ խորհրդածութիւնը։
Ապա Նորին Սրբութիւնը յաջորդաբար ընդունեց.
Տիար ֆերնանտօ Գամբոս` Գոսդա Ռիգայի նոր դեսպանին հաւատարմագրերը
Փիլիպեան կղզեխումբի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը ս. Պետրոսի յաջորդին։
Ապա Սրբազան Հայրը ընդունեց միջազգային աստուածաբանութեան յանձնախումբի անդամները, թիւով 33 հոգի։
Իսկ յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կարտինալ Իվան Տիազ` կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.