Թրքահայ երիտասարդներէ կազմուած «Կը փափաքինք ընտրել մեր պատրիարքը» կոչուող խումբը,
թրքահայութեան հիւանդ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի փոխարէն նոր պատրիարքի ընտրութիւն
կատարելու պահանջքով՝ կարճ ժամանակի ընթացքին կրցած են 5359 ստորագրութիւն հաւաքել: Ըստ
թրքական լրատուական միջոցներու, թրքահայ երիտասարդութեան զայրոյթը սկսած է այն բանէն
ետք, երբ պատրիարք Մութաֆեանի ծանր հիւանդութեան պատճառով թրքական կառավարութիւնը Արամ
արքեպիսկոպոս Աթեշեանը նշանակած է պատրիարքի ընդհանուր տեղակալ: Նոր պատրիարքի ընտրութիւն
պահանջող խումբին կատարած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Հայոց Պատրիարքը
Մութաֆեան երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապի ուղեղի հետ կապուած անբուժելի հիւանդութենէ:
Հայկական եկեղեցիի աւանդոյթին մէջ բացակայող տիտղոս յայտնագործելով՝ կառավարութիւնը պատրիարքի
փոխանորդ նշանակած է Արամ արք. Աթեշեանը, թրքահայերուն ձեռքէն վերցնելով սեփական պատրիարք
ընտրելու դարեր շարունակ գործող իրաւունքը»: Պոլսոյ ՝՝Ակօս՝՝ շաբաթաթերթի հրատարակչութեան
գլխաւոր տնօրէն Ռոպեր Քոփթաշ այս կապակցութեամբ ըսած է. «Հոս առկայ է ե՛ւ կառավարութեան
ե՛ւ պատրիարքարանին սխալը: Ստեղծուած իրավիճակը կը բնութագրենք իբրեւ կառավարութեան միջամտութիւն՝
հայկական համայնքի ներքին գործերուն: Ներկայիս արքեպիսկոպոս Աթեշեան, փաստօրէն, պատրիարքի
պաշտօն կը կատարէ: Այս իրողութիւնը, Աթեշեանէն բացի միւս թեկնածուները ընտրուելու իրաւունքէ
զրկել կը նշանակէ»: Ան նաեւ կոչ ըրած է կառավարութեան եւ պատրիարքարանին, որ լսեն երիտասարդութեան
ձայնը: