Այսօր պիտի խօսինք սովետահայ երաժշտագէտ Ռոպէր Աթայեանի մասին: Հայազգի երաժշտագէտ
երաժշտահան եւ ֆոլքլորիստ՝ Ռոպէր Արշակի Աթայեան ծնած է 1915-ին Թեհրանի մէջ, 1962-էն
եղած է Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ։ 1923-ին յաճախած է Երեւանի երաժշտանոց
հետեւելով երաժշտահանութեան դասընթացքներուն եւ աւարտած 1941ին եւ 1944-էն սկսած է
այնտեղ երաժշտական տեսական նիւթեր դասաւանդել ։ 1962-էն եղած է երաժշտութեան տեսութեան
եւ ստեղծագործութեան ամպիոնի վարիչ։ Ան ուսումնասիրած է հայկական միջնադարեան երաժշտութիւնը
եւ խազային նօթագրութիւնը, կազմած եւ խմբագրած է Կոմիտասի աշխատութիւններու ակադեմիական
հրատարակութիւնը։ Նշանաւոր են Աթայեանի Սենեկային-գործիքային, ձայնային ստեղծագործութիւնները,
ու ժողովրդական երաժշտութեան ու տաղերու մշակումները։ Եղած է մեծ երաժշտութեան մեծ ուսուցիչ
ու մասնակցած բազմաթիւ քոնկրէսներու։ Պարգեւատրուած է ՜՜Պատւոյ նշան՝՝ շքանշանով։ Իր
երկերէն յիշենք. Ձեռնարկ Հայկական Ձայնագրութեան (1950-ին) Հայկական խազային Նոթագրութիւնը
1959 եւայլն... Հայազգի այս մեծ երաժիշտը՝ Ռոպէր Աթայեան վախճանած է 1994-ին Լոս
Անճըլըսի մէջ ։