2010-12-03 12:11:28

«Ազրպէյճանի Կողմէ Զինուորական Նախայարձակման Պարագային Հայաստան Այլընտրանք Պիտի Չունենայ, Եթէ Ոչ Ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը՝՝ Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան։


՝՝Ազրպէյճանի կողմէ ռազմական նախայարձակման վերսկսելու պարագային Հայաստան այլ ընտրութիւն պիտի չունենայ, եթէ ոչ ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ իր բոլոր կարելիութիւնները ներդնել Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման համար՝՝ յայտարարեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ելոյթ ունենալով Ասթանայի մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ-ի
վեհաժողովին ընթացքին։ Ան միաժամանակ շեշտեց, որ Հայաստան բացարձակապէս չընդունիր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու վերսկսման տարբերակը։ Նախագահ Սարգսեան ընդծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը ապագայ չունի Ազրպէյճանի կազմին մէջ, եւ ինչ որ ալ ըլլայ լուծումը, ատիկա պէտք է բխի Ղարաբաղի ժողովուրդի կամքէն։ Ըստ անոր, ատիկա ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի առանցքն է։ Ազրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ յաւակնութիւններու՝ ո՛չ իրաւական, ո՛չ քաղաքական եւ ո՛չ ալ բարոյական հիմք ունի։ Միւս կողմէ Հայաստանի Նախագահը Սարգսեան Ասթանայի մէջ ունեցաւ երկկողմանի հանդիպումներ,ինչպէս Հունգարիոյ Նախագահ Պալ Շմիթի եւ ԵԱՀԿ-ի Մամլոյ ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչ Դունիա Միյատովիչի հետ։
:








All the contents on this site are copyrighted ©.