2010-12-02 14:54:14

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Կոչը Ի Նպաստ Չինաստանի Եկեղեցւոյ։


Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Նորին սրբութիւնը աղօթքի կոչ ուղղած է ի նպաստ Չինաստանի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ որ ՜՜դժուար կացութեան մէջ կ՛ապրի՝՝։ Սուրբ Կոյս Մարիամէն կը խնդրենք որ օգնէ քրիստոնեաներուն եւ թիկունք կանգնի չինացի եպիսկոպոսներուն որպէսզի անոնք արիաբար վկայեն իրենց հաւատքը իրենց յոյսը դնելով մեր Փրկչին վրայ - յարեց Սրբազան Քահանայապետը։ Տիրամօր կը յանձնենք նաեւ չինաստանի կաթողիկէները, որպէսզի կարենան ապրիլ իրենց քրիստոնէութիւնը հաղորդութեամբ ընդհանրական եկեղեցւոյ ,սատարելով նաեւ իրենց ժողովուրդին եւ հասարակութեան բարիքին։









All the contents on this site are copyrighted ©.