2010-12-01 10:56:36

Քահանայական Ձեռնադրութիւն Սարկաւագ' Էլիաս Եղիշէ Ճէնճիի


Սարկաւագ Էլիաս-Եղիշէ Ճէնճիի Քահանայական Ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ Հալէպի՝ Հայ Կաթողիկէ ՜՜Մայր Գթութեանց՝՝ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, Շաբաթ 20 Նոյեմբեր 2010-ին՝ Ամենայն Սրբոց (672 հնոց եւ նորոց, յատից եւ անյայտից ) Տօնին օրը, երեկոյեան ժամը 6-ին, ձեռամբ՝ Բերիոյ Թեմին Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ՝ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանին, առընթերակայութեամբ՝ Գերյ. Հ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Նորատունկեանի, Մեծաւորը՝ Ք. Լեւոնեան Հայ Վարժարանին եւ Գերյ. Հ. Յովսէփ Ծ. Վրդ. Պէզէզեանի, Ժողովրդապետը՝ Ս. Երրորդութեան-Զուարթնոց Եկեղեցւոյ։ Արարողութեան դասին մէջ ներկայ էին' քոյր եկեղեցիներու Եպիսկոպոսները, ձեռնադրուողին բարեկամ- վարդապետները թէ Հալէպէն եւ այլ թեմերէն ժամանած, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերը, ձեռնադրուողին ընտանեկան պարագաներն ու բարեկամները եւ հոծ բազմութիւն մը հայ հաւատացեալ ժողովուրդէն։ Աստուծոյ Խօսքին ընթերցումէն առաջ, Գերյ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեան, նորօծ վարդապետին խարտաւիլակը, ներկայացուց Էլիաս-Եղիշէ սարկաւագը, ձեռնադրիչ Սրբազանին, խնդրելով ՜՜Սուրբ Քահանայութեան՝՝ կարգը. ապա Էլիաս-Եղիշէ սարկաւագը ծնրադիր եկեղեցւոյ դասին մէջ, երեսը դէպի ժողովուրդ, ձեռքերը վեր բարձրացուցած՝ ու շրջապատուած քահանայից դասէն, որոնք երգեցին ՜՜Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ..., կոչելով զԵղիշէ սարկաւագութենէ ի քահանայութիւն՝՝ որոնց ժողովուրդը պատասխանեց. ՜՜Արժանի Է՝՝։

Աստուծոյ Խօսքին ընթերցումէն ետք, ձեռնադրիչ Արքեպիսկոպոսը արտասանեց աւուր պատշաճի քարոզը եւ իր խօսքը ուղղելով Տէր Էլիաս-Եղիշէ սարկաւագին յատկապէս ըսաւ «ի խորոց սրտէ, կը շնորհաւորեմ քեզ եւ քու եկեղեցասէր ծնողքդ որ քեզի նեցուկ կանգնեցան ու քաջալերեցին քեզ հասնելու համար այս վսեմ ու վեհագոյն աստիճանին որ է Ս. քահանայութիւնը.

Եղիր մտերիմ բարեկամը Քրիստոսի, ան թող ըլլայ ապաստանը քու բոլոր դժուարութիւներուդ որոնց պիտի հանդիպիս քու քահանայական կեանքիդ ընթացքին եւ մի մոռնար որ այսօրուան քահանան պէտք է ըլլայ Աստուծոյ մարդ, Իմաստութեան մարդ եւ Շնորհքի մարդ նման Քրիստոսի Բարձրագոյն Օրինակին». Յաւարտ Ս. Պատարագին եւ ձեռնադրութեան արարողութեան Գերյ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Շահպազեան յայտնեց թէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան քահանայապետին կողմէ Հ. Եղիշէին յղուած է օրհնագիր մը , որմէ ետք ալ կարդաց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ.Ներսէս Պետրոս ԺԹ., Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի ՜՜ մաղթանքի գիրը՝՝ ուղղուած նորօծ վարդապետին. « Կը մաղթեմ որ (ըսաւ ան) դառնաս հովիւ մը, նման բարի Հովիւին Յիսուսի. Քաջ գիտցիր որ մտերմութիւնը մտերմութեամբ կը փոխանակուի, բարեկամութիւնը բարեկամութեամբ եւ սէրը սիրով»։

Սուրբ Զոհէն եւ ձեռնադրութեան պաշտօնական արարողութենէն ետք, կղերը եւ նորօծ վարդապետին պարագաները թափօրով ուղղուեցան առաջնորդարան ուր տեղի ունեցան շնոպրհաւորութիւններ ու հիւրասիրութիւն։ Այս առթիւ ի պատիւ նորօծ վարդապետին ու անոր ընտանեկան պարագաներուն, Բերիոյ թեմի կաթողիկէ Հայոց առաջնորդը արհի. Պետրոս Արք Միրիաթեան սիրոյ սեղանի հրաւիրած էր զանոնք ու նաեւ բարեկամները Հալէպի դարաւոր Սիսի թաղամասի նոյնանուն ճաշարանը՜՜Սիսի ճաշարանը ՝՝ ։ Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ եւ այս ուրախ առիթով խօսք առին նորօծ քահանային բարեկամ քահանաներն ու մեծաւորները։

Իսկ Կիրակի օրը՝ 21 Նոյեմբերին (2010) Ս. Կոյս՝ Մարիամ Աստուածածնի Ընծայման Տօնին օրը, առաւօտեան ժամը 10-ին, Հալէպի Մէյտան(Նոր Գիւղ) հայաշատ թաղամասի՝Ս. Երրորդութեան- Զուարթնոց Եկեղեցւոյ մէջ, ուր պիտի պաշտօնավարէ նորօծ վարդապետը, Հայ Եղիշէ մատոյց իր անդրանիկ Ս.բ պատարագը եւ իր քարոզին մէջ ըսաւ. ՜՜Ահաւասիկ այս սուրբ վայրկեաններուն, ուր՝ սիրտս կը լեցուի երկնային ուրախութեամբ, իմ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ Աստուծոյ՝ Երրորդութեան, եւ իրեն կը նուիրեմ այս գեղեցիկ ապրումներս: Այժմ կը յիշեմ 14 տարիներ առաջ, իբրեւ երիտասարդ պատանի մը, կանգնած էի սոյն խորանին առջեւ, Աստուծոյ զոհին՝ իբրեւ սպասաւոր: Ի՜նչ գեղեցիկ է այս առիթը՝ որ մեզ կը համախմբէ այս եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ, մանաւանդ, որ 14 տարիներ ետք, ահաւասիկ ձեր առջեւ կը կանգնիմ իբրեւ Քահանայ, սպասաւոր, առաքեալ, հոգեւոր վարիչ եւ ուսուցիչ, վերադարձայ իմ քաղաքս, ուսերուս վրայ կրելով՝ առաքելութեան դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները՝՝։

Իր շնորհակալութեան խօսքը արտայայտելէ ետք Աստուծոյ որ զինք կոչեց քահանայութեան արհիապատիւ արքեպիսկոպոսին, ու հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հայրապետին ու իր մեծաւորներուն նաեւ՝ ծնողքին, եղբօրը ու քրոջ։ ան ըսաւ նաեւ.՜՜Երկիւղածօրէն կը խոնարհիմ Բերիոյ Թեմի Թագուհւոյն եւ առաքեալներու պաշտպան Տիրամօր առջեւ, ինչպէս նաեւ Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի առջեւ, խնդրելով անոնցմէ որ օրհնեն մեր բոլոր ջանքերը եւ մեր բոլոր քայլերը եւ զանոնք ուղղեն դէպի յաւիտենական արքայութեան՝՝։

Հոս տեղին է յիշել որ՝ Նորօծ վարդապետին սրբազան պատկերին վրայ, որ բաժնուեցաւ բոլոր հաւատացեալներուն, գրուած էր հետեւեալ նշանաբանը «Այլեւս ես չեմ որ կ՛ապրիմ, այլ' Քրիստոս կ՛ապրի իմ մէջս» (Գաղ. 2: 20).

Հ. Եղիշէ Վրդ. Ճէնճի, ծնած է 19 Նոյեմբեր 1985-ին, Հալէպի մէջ -Սուրիա։ Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանին մէջ. 1996ին կ՛ընդունուի Հալէպի Զմմառու Միաբանութեան Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետի Դպրեվանքը, ուր վեց տարուայ ընթացքին կը շարունակէ բարձրագոյն ուսումը մինչեւ Սուրիական Պաքալորեան, ապա կը փոխադրուի Լիբանան' Զմմառու Մայրավանքը, յաճախելով Պօղօսեան հայրերու համալսարանը՝ հետեւելով Աստուածաբանական եւ իմաստասիրական դասընթացքներուն. որմէ ետք ալ կը մեկնի Հռոմ՝ Ք. Լեւոնեան Հայ Վարժարան, եւ կը յաճախէ Յիսուսեաններու ՜՜Գրիգորեան՝՝ Քահանայապետական Համալսարանը մասնագիտանալով Աստուածաբանական-դաւանաբանական նիւթին մէջ. այս պատրաստողական տարիներուն ընթացքին, խորապէս կը զարգացնէ նաեւ երաժշտական բարձրագոյն ուսմունքները, ուր Լիբանանին մէջ կ՛ուսանի երաժշտական երգահանութեան եւ երգչախումբի ղեկավարութիւնը։

7 մարտ 2010-ին, Հռոմի Սուրբ Նիկողայոսի անուան հայոց Եկեղեցւոյ մէջ, Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, առաջնորդը՝ Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց, զինք սարկաւագ կը ձեռնադրէ, եւ 20 Նոյեմբեր 2010-ին, կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի միշտ (ձեռամբ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի) Հալէպի Մայր Գթութեանց Կաթողիկէ Հայոց Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, ստանձնելով Ս. Երրորդութեան- Զուարթնոց Եկեղեցւոյ փոխ- Ժողովրդապետի պաշտօնը.

Ռատիօ Վատիկանի Հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը կը շնորհաւորէ Հայր Եղիշէ Ճէնճին ու անոր ընտանեկան պարագաներն ու Հայ կաթողիկէ համայնքը եւ կը մաղթէ անոր բեղուն առաքելութիւն Տիրոջ այգիին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.