2010-12-01 07:37:17

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը կը մասնակցի Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան վեհաժողովին. ժողովը կը գումարուի Ասդանա` խազախիստան դեկտեմբեր 1-2։


Կարտինալ Պերթոնէ կը գլխաւորէ Վատիկանի պատուիրակութիւնը, անոր կ'ընկերանան գերապայծառ Մամպերթին` արտգործ նախարարը, գերապայծառ Պուենտիա առաքելական նուիրակը Խազախիստանի մօտ եւ գերապայծառ Բանաշ` մնայուն դէտը Եւրոպայի անվտանգութեան ու համագործածկցութեան խորհուրդին մօտ։ Յայտնենք թէ Ս. Աթոռը 1973էն ի վեր անդամ է վերոյիշեալ խորհուրդին եւ յաճախ իր միջամտութիւնը բերած է ու պաշտպանած՝ քրիստոնեաներու դէմ մղուած պայքարն ու խտրականութիւնը։ Կարտինալ Պերթոնէ այս առթիւ նաեւ հովուական այցելութիւն կը կատարէ Խազախիստանի փոքրաթիւ քրիտոնեայ հասարակութեան։

Նշենք թէ Խազախիստանի 55 տոկոսը մահմետական են իսկ 40 տոկոսը օրթոտոքս։








All the contents on this site are copyrighted ©.