2010-12-01 13:38:12

Սէյրան Օհանեան Կ՝ընդունի Ուկրանիոյ Նոր Դեսպանը.


Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունեց Ուկրանիոյ նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Իվան Քուխթան։ Շնորհաւորելով Իվան Քուխթան դեսպանի բարձր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը յոյս յայտնեց, որ անոր պաշտօնավարութեան ընթացքին Հայաստանի եւ Ուկրանիոյ միջեւ անվտանգութեան հարցերուն շուրջ ռազմաքաղաքական երկխօսութիւնը նոր թափ ստանայ, ինչպէս նաեւ շարունակէ զարգանալ երկկողմանի զինուորական համագործակցութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.